ԵՒՐՈՊԱՅԻ 19 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2 – 1 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ՅԱՂԹԵՑ ՍԼՈՎԱՔԻՈՅ
Երէկ` ուրբաթ, 21 հոկտեմբերին տեղի ունեցան Եւրոպայի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար կրտսերներու ախոյեանութեան զտումի շարք մը ճակատումներ:
10-րդ խմբակին մրցումները հիւրընկալող Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը ապահովեց մրցաշարքի իր առաջին երեք կէտը, երբ 2 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սլովաքիան:
Մարզիչ Վարազդատ Աւետիսեանի կազմը իր այս յաղթանակը արձանագրեց շնորհիւ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի նշանակած երկու կոլերուն (38-րդ եւ 43-րդ): 71-րդ վայրկեանին Ալպերթ Օհանեան իր բերդին մէջ թէեւ կոլ մը ստացաւ, սակայն Եաքուպ Վոյթուլի այդ կոլը յաղթանակ չպարգեւեց Սլովաքիոյ:
Նոյն խմբակին մաս կազմող Յունաստան 10 – 0 արդիւնքով ջախջախեց Անտորրան:
Վաղը` կիրակի, 23 հոկտեմբերին հայրենի կազմը պիտի կատարէ իր երկրորդ մրցումը, երբ ճակատի Յունաստանի դէմ: Երկրորդ մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Սլովաքիան եւ Անտորրան:
Հայաստանի վերջին մրցակիցը պիտի ըլլայ Անտորրա:
Նշենք, որ իւրաքանչիւր խմբակի առաջին դիրքը գրաւող խումբը կ՛ապահովէ յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը:


