50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (24 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՄԱՐԶԱԴԱՇՏԻ
ԲԱՑՈՒՄԸ

Դպրոցներու եւ եկեղեցիներու շինութենէն ետք, Պուրճ Համուտի համար ամէնէն կենսական պահանջը եւ ամէնէն հրատապ հարցը մարզադաշտի մը հարցն էր: Տակաւին 10-15 տարի առաջ այս արուարձանի մէջ տուները այնքան ցանցառ էին, որ շրջանի պատանիները որեւէ «դաշտի» մէջ կրնային ֆութպոլի խաղ մը ընել: Սակայն այս վերջին տասնամեակի ընթացքին Պուրճ Համուտի մէջ շինարարութիւնը այնքան արագ ընթացք մը ունեցաւ, որ շրջանի ամէնէն կազմակերպուած մարզական միութիւնը` ՀՄԸՄ-ն անգամ չկարողացաւ այս շրջանի մէջ նորահաս սերունդին համար մարզադաշտ մը ապահովել: Եւ այժմու պայմաններու մէջ կարելի է ընդունիլ, որ ոչ մէկ մարզական միութիւն կարող է իր սեփական միջոցներով ունենալ մարզադաշտ մը: Ուրեմն նման բանի մը մի միայն շրջանի քաղաքապետութիւնը կրնար ձեռնարկել:

Քաղաքապետութեան մօտիկ շրջանակներէն կ՛իմանանք, որ արդիական մարզադաշտի մը ծրագիրը արդէն իսկ ընդունուած է, եւ թէ յաջորդ տարուան համար նախատեսուած է մէկ միլիոն լ. ոսկի ծախս` այդ ծրագրի իրականացման համար: Սակայն մինչ այդ քաղաքապետութիւնը ժողովուրդի տրամադրութեան տակ դրաւ ֆութպոլի երկու առժամեայ մարզադաշտեր. մէկը` քաղաքապետութեան մօտ հանրակառքի գծին հարաւային կողմը, իսկ միւսը` նոր Ատանա թաղին մէջ, Զաւարեան ակումբին Արեւելեան կողմը, որով եւ կոչուած է «Զաւարեան» մարզադաշտ: Աւելորդ է ծանրանալ այն նախախնամական դերին վրայ, որ այս զոյգ մարզադաշտերը կոչուած են կատարելու շրջանին մէջ: Գրեթէ ամէն օր հոն քրտնող պատանիներուն ներկայութիւնը եւ ամէն կիրակի կազմակերպուող խաղերը լաւագոյն փաստերն են ասոր եւ վարձատրութիւնը` քաղաքապետութեան:

Զաւարեան մարզադաշտի բացումը տեղի ունեցաւ կիրակի 16 հոկտեմբեր 1961 կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին` հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախագահ Լութֆիկ Նարկիզեանի եւ ի ներկայութեան քաղաքապետութեան վարչական խորհուրդի անդամներուն եւ հոծ բազմութեան մը:

Այս առիթով «Զաւարեան» պատանեկան միութիւնը կազմակերպած էր միջպատանեկան ֆութպոլի մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին «Դանիէլ Վարուժան», «Մուրատ», «Խանասոր», «Քրիստափոր» եւ «Զաւարեան» , պատանեկան միութիւնները: Խաղերը տեղի ունեցան յաջորդական 2 կիրակի օրերը, 8 եւ 15 հոկտեմբեր, հետեւեալ ձեւով.

Կիրակի, 8 հոկտեմբեր.- Ա. խաղը տեղի ունեցաւ կէսօրէ ետք «Քրիստափոր» եւ «Դանիէլ Վարուժան»ի միջեւ, որմէ յաղթական դուրս եկաւ «Դանիէլ Վարուժան»` 3-2 արդիւնքով:

Ժամը 2:30ին տեղի ունեցած մրցումին «Մուրատ» յաղթեց «Խանասոր»ի` 1-0 արդիւնքով: Օրուան վերջին խաղը տեղի ունեցաւ «Դանիէլ Վարուժանի» եւ Զաւարեան»ի միջեւ որմէ յաղթական դուրս եկաւ «Զաւարեան» 3-0 արդիւնքով:

Կիրակի, 15 հոկտեմբեր.- Ա. խաղը տեղի ունեցաւ կ. ետք ժամը 1:00-ին: «Խանասոր»ի եւ «Դ. Վարուժան»ի միջեւ, խաղը վերջացած ըլլալով հաւասար արդիւնքով, (0-0) երկու խումբերը քաշեցին 3-ական ազատ հարուած. «Խանասոր» նշանակած ըլլալով 3 կէտերն ալ, յաղթական հռչակուեցաւ:

Օրուան երկրորդ եւ գլխաւոր խաղը տեղի ունեցաւ առջի շաբթուան երկու յաղթական խումբերու` «Զաւարեան»ի եւ «Մուրատ»ի միջեւ: Յաղթական խումբը պիտի տիրանար քաղաքապետութեան տրամադրած բաժակին, որով եւ խաղը սկիզբէն իսկ եղաւ խիստ հետաքրքրական, թէեւ «Զաւարեան»ի տղաքը, ընդհանրապէս աւելի արագ, չուշացան տիրապետելու խաղին: Մրցումը վերջացաւ 5-0` ի նպաստ «Զաւարեան»ի:

Կիսախաղին քաղաքապետը ըրաւ դաշտին պաշտօնական բացումը, գնդակին տալով առաջին հարուածը:

Այս խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի ֆութպոլի Ա. խումբը եւ նախկին «Զաւարեան»ներու խումբը:

Պուրճ Համուտ տարաւ դիւրին յաղթանակ մը եւ տիրացաւ քաղաքապետութեան տրամադրած Բ. բաժակին:

Խաղի վերջաւորութեան քաղաքապետը յաղթական խումբերուն յանձնեց բաժակները եւ հանդիսութիւնը փակուեցաւ սկաուտական խումբին նուագած լիբանանեան քայլերգով:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ ԲԱՅՑ ԻՐԱՒ…

ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ՃԱՄԲՈՐԴ ՄԸ
ԵՐԵՔ ԱՆԳԱՄ ԿԸ ԳՈՒՇԱԿԷ
ՕԴԱՆԱՒԻ ՄԸ ԽԱՆԳԱՐՈՒՄՆԵՐԸ

ԱՖՓ գործակալութիւնը կը հեռագրէ Փարիզէն.-

Խորհրդաւոր անձ մը, որ զոր Փարիզի Օրլիի օդակայանին մէջ ամէն ոք կը դիտէ վրդովալից հետաքրքրութեամբ մը, երկու օրէ ի վեր անհաւատալի պատմութեան մը հերոսն է: Կը կոչուի Ժան-Քլոտ Քիւիսօ, քառասուն տարեկան, մարմնակրթական ուսուցիչ` Սուտանի մէջ, ամուսնացած, հայր` երեք տարու փոքր մանչուկի մը: Անդամ է նոյնպէս ֆութպոլի նախկին միջազգայնականին եւ սեւ-պարեգօտ ժիւտոյի: Բայց իր այս հանգամանքներէն ոչ մէկուն կը պարտի իր «հռչակը»:

«ԻՆՉ ՀԱՐԿ ԱՃԱՊԱՐԵԼՈՒ»

Պատմութիւնը կը սկսի 48 ժամ առաջ: Քիւսիօ ճամբորդներէն մէկն է այն Սիւփեր-Քոնսթելասիոնին, որ Փարիզ-Մարսէյ-Ապիճան գիծին երթեւեկը կ՛ապահովէ: Օդանաւը ժամը 23:00-ին պէտք է օդակայանը ձգէ: Ճամբորդները, բարձրախօսով կանչուած, աճապարանօք կ՛ուղղուին դէպի օդանաւ: Անոնց մէջէն միայն մէկը չ՛աճապարեր. Ժան-Քլոտ Քիւսիոն: Հիւրընկալուհին կը խնդրէ աճապարել, «Ինչ հարկ, կը պատասխանէ, օդանաւը նոյնիսկ մինչեւ Մարսէյ պիտի չերթայ»: Հիւրընկալուհին քաղաքավարութեամբ կը ժպտի` առանց լուրջի առնելու այս սրամտութիւնը, քանի որ կարճ ատեն մը ետք օդանաւը սովորական կերպով օդ կը բարձրանայ:

Բայց ժամ մը ետք, Լիոնի ուղղահայեաց գագաթնակէտին վրայ, մեքենական խանգարում մը կը հարկադրէ քառաշարժակը վերադառնալու Օրլի:

Յաջորդ օր, օդակայանի պանդոկը գիշեր մը անցնելէ ետք, որուն ընթացքին մեքենաները կը նորոգեն, ճամբորդները կրկին կը հրաւիրուին տեղ գրաւելու օդանաւին մէջ: Բայց այս անգամ եւս Քիւիսօ չ՛աճապարեր: Հիւրընկալուհիին, որ այլեւս չի համարձակիր անոր ոչ մէկ դիտողութիւն ընելու, կ՛ըսէ. «Այս անգամ մենք նոյնիսկ գետինէն վեր պիտի չբարձրանանք»: Արդարեւ, օդանաւի հրամանատարը օդը բարձրանալու վայրկեանին կը նշմարէ, որ ելեկտրական սարքը խանգարուած է:

Share this Article
CATEGORIES