ԳԻՒՏ ԽԱՉԻ ՏՕՆԸ` Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Երէկ` կիրակի, 23 հոկտեմբեր 2011-ին, Գիւտ խաչի կիրակի օրը նշուեցաւ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Ս. պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան:
Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ եկեղեցիները ունին իրենց տարեկան անուանակոչութեան տօները, որոնցմէ իւրաքանչիւրին ետին նպատակ մը կայ: Առաջնորդ սրբազանը բացատրեց, որ Ս. խաչը ունի 4 տօներ, որոնցմէ 3-ը քրիստոնէական եկեղեցիներուն հետ համահաւասար են, իսկ մէկը հայկական: Ա) Գիւտ խաչի տօնը, որ կը խորհրդանշէ այն դէպքը, երբ Հեղինէ թագուհին կը փնտռէ եւ կը գտնէ Քրիստոսի խաչափայտը, բ) Երեւման Ս. խաչի տօնը, երբ Երուսաղէմի վրայ փայլուն խաչը երեւցաւ, գ) Խաչվերացի տօնը, երբ Երուսաղէմի մէջ գտնուած խաչը պարսիկները գերի տարին, ապա քրիստոնեաները վերադարձուցին զայն, դ) Վարագայ խաչի տօնը, երբ Ս. Հռիփսիմէի ունեցած խաչափայտի մասունքը, որ կորսուած էր, գտնուեցաւ:
«Խաչի նշանին մէջ խտացուած է քրիստոնէական հաւատքը կամ քրիստոնեային անձը, նկարագիրը», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ հայ քրիստոնեային հաւատքը հայ եկեղեցին պիտի տայ ու պահէ, եւ եթէ հայ եկեղեցին իր դերակատարութեան մէջ չէ, անիմաստ է խօսիլ քրիստոնեայի հաւատքին մասին: Անդրադառնալով հայ եկեղեցւոյ դերակատարութեան` սրբազանը շեշտեց, որ հայ եկեղեցիէն կախեալ է մեր ամբողջ քրիստոնէական, հայկական դաւանանքին վիճակն ու գոյութիւնը: «Քրիստոնէական հաւատքը մարդուն համար անհրաժեշտ է, որպէսզի արժէքներուն եւ սրբութիւններուն նկատմամբ ունենայ նախանձախնդրութիւն», հաստատեց սրբազանը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէքը:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Գրիգոր Կէօքճեան խօսք առնելով ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալական ու գնահատական խօսք ուղղեց տիկնանց յանձնախումբին, որուն տքնաջան աշխատանքին պտուղն էր մատուցուած սեղանը: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ հետ գործակցողներուն, որոնք սիրայօժար աշխատանք կը տանին եւ կը ծառայեն եկեղեցւոյ:
Ապա գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամներէն Ոսկան Քէշիշեան եւ Շողիկ Թորոսեան, որոնք մեկնաբանեցին երգերու փունջ մը:
Եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան նկատել տուաւ, որ բոլոր ներկաները տանտէր են, որովհետեւ հոգւով սրտով եւ ֆիզիքապէս իրենց բոլոր կարողութիւնները կը տրամադրեն եւ կ՛աշխատին: «Աշխատելու համար ամէն մարդ արժանապատուութեան եւ յարգանքի կարիք ունի», հաստատեց սրբազան հայրը: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բարերարներուն, յատկապէս Սուրէն Սարգիսեանին, որ վերջերս ստանձնած էր եկեղեցւոյ ձայնի սարքաւորման յստակացման ծախսերը, եւ թաղականութեան կողմէ յուշանուէր մը յանձնեց անոր:


