«ԱԶԴԱԿ» ԱՐԱԲԵՐԷՆԻ ՆԻՒԹԵՐԸ ԿԸ ՀԱՐՍՏԱՆԱՆ ՆՈՐ ԹԱՐՄԱՑՈՒՄՆԵՐՈՎ
«Ազդակ»ի արաբերէն կայքէջը (www.aztagarabic.com) շաբաթական դրութեամբ կը շարունակէ հարստանալ նոր թարմացումներով: Հոկտեմբեր ամսուան վերջին` չորրորդ թարմացումը կ՛ընդգրկէ 17 նիւթ:
«Լուրեր» բաժինին մէջ կը կարդանք տեղեկութիւն մը, ըստ որուն ռուսական «Էքսփըրթ» թերթը յաւելուած մը հրատարակած է Հայաստանի իրագործումներուն մասին: Ուրիշ լուրի մը համաձայն, ռուսական թերթ մը կ՛ըսէ, որ հայոց բանակը կը համապատասխանէ 21-րդ դարու չափանիշներուն: Նաեւ կը կարդանք լուր մը, որուն մէջ Աւստրալիոյ ծերակոյտի անդամ Նայք Քսենոֆոն կը նշէ, որ հայերը, յոյները եւ ասորիները ժամանակակից պատմութեան մէջ առաջին ցեղասպանութեան զոհերն են:
Նոյն բաժինին մէջ կը կարդանք նաեւ լրատուութիւն մը Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի կողմէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին ուղղուած նամակին մասին: Յատուկ տեղ յատկացուած է ԱՊՀ-ի երկիրներու ներքին գործոց նախարարներուն Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելութեան եւ Պաղտատի մէջ հայկական եկեղեցւոյ մը կառուցման համար հողակոյտի մը ընտրութեան լուրերուն:
«Կիզակէտ» բաժինին մէջ կը կարդանք բաւական հետաքրքրական նիւթեր, որոնցմէ մէկը կ՛ակնարկէ այն իրողութեան, որ Թուրքիոյ Ինճիրլիքի զօրակայանը կը գտնուի հայկական հողատարածքի մը վրայ: Այս բաժինին մէջ կը կարդանք նաեւ անգլիական «Տը Կարտիըն» թերթին յօդուածը` «Ղարաբաղն ու փանթուրքիզմը» խորագիրով: Այստեղ կայ նաեւ սուրիական մեկնաբանութիւն` թուրք-ֆրանսական վերջին տարակարծութեանց մասին:
«Յօդուածներ» բաժինին մէջ հիմնական տեղ կը գրաւէ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ նախկին դեսպան դոկտ. Ապտել Համիտ Սալլումի յօդուածը` «Էրտողանի իրականութիւնը» խորագիրով:
«Հայկական դաշտ» բաժինին մէջ կը շարունակուի հրատարակուիլ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն ետք արաբական երկիրներուն եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութեանց վերաբերող յօդուածաշարքը: Այս անգամ նիւթը Ալճերիոյ հետ Հայաստանի ունեցած յարաբերութիւններն են:

