ԸՍՏ ՌՈՒՍԻՈՅ ՄԷՋ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԵՒ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ՄԻՋԵՒ ԻՐԱՆԻ ՇՈՒՐՋ ԳԱՂՏՆԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՅԱՑԱԾ Է

Պուշեհրի հիւլէական կայանը:

«ՍալամՆիուզ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ մէջ Իրանի դեսպան Ռեզա Սաճատի իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիա Իրանի հետ «Սի.-300» հակաօդային հինգ համակարգերու վերաբերեալ ստորագրուած համաձայնութիւնը չեղեալ յայտարարեց, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ արեւմտեան շարք մը պետութիւններու հետ գաղտնի համաձայնութիւն ունի:

Ըստ Իրանի դեսպանին, Ռուսիոյ կողմէ համաձայնագիրը չեղեալ յայտարարելուն փոխարէն Արեւմուտքը խոստացած է չհարուածել ռուս մասնագէտներու կողմէ Պուշեհրի մէջ կառուցուած հիւլէական կայանը:

 

Share this Article
CATEGORIES