ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ Մանհաթըն շրջանի ընդհանուր դատախազը յայտարարեց, որ պաշտօնապէս ամբաստանութիւն ուղղուած է երկու անձերու, որոնք կը կարծուին մեղսակից ըլլալ Ուաշինկթընի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ատել Ժապըրի դէմ մահափորձի իրանեան ենթադրեալ ծրագիրին: Դատախազը նշեց, որ Մանսուր Արփափսիար այսօր պիտի կանգնի ամերիկեան քրէական դատարանի դատաւոր Ճոնի Քինընի դիմաց, իսկ անոր գործակիցը` ամբաստանեալ Ղուլամ Աշքուրի տակաւին չէ ձերբակալուած:
ԵԳԻՊՏՈՍԻ պետական «Միջին Արեւելք» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան վստահուած է Եգիպտոսի մէջ ձերբակալուած իսրայէլացի-ամերիկացի լրտես Իլան Կապրիէլի եւ իսրայէլեան բանտերուն մէջ արգելափակուած եգիպտացիներու փոխանակման գործողութեան հսկել:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ«Հաարեց» օրաթերթի կայքէջը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու պատրաստակամութիւն յայտնած է Այսրյորդանանի մէջ բնակեցումը սահմանափակ սառեցումի ենթարկելու: Սառեցումը կը ներառէ պետական շէնքեր եւ «պետութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու վրայ շինարարութիւնը»: Իսրայէլացի պաշտօնատար մը յայտնած է, որ փոխարէնը Նեթանիահու պատրաստ չէ անձնական հողերուն վրայ շինութիւնը դադրեցնելու: Ըստ «Հաարեց»ի, «այս նախաձեռնութեան նպատակը պաղեստինցիներուն հետ մէկ տարիէ ի վեր սպասուած բանակցութիւններուն առիթ ընծայելն է»:
ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ դատական աղբիւրներ յայտարարեցին, որ «հետաքննութիւն կատարող կողմերուն ստացած զեկուցումները ցոյց կու տան, որ Եգիպտոսի մէջ քաղաքացիական կազմակերպութիւններ եւ գործիչներ յեղափոխութենէն ետք մեծամասնութեամբ արաբական արտաքին աղբիւրներէ եւ կողմերէ 23 միլիոն տոլար ստացած են»: Զեկուցումները ցոյց տուած են, որ «այդ գումարները փոխանցուած են Գահիրէի մէջ կազմակերպութիւններու եւ անհատներու, որոնցմէ ոմանք քաղաքացիական հասարակութեան կը պատկանին, իսկ ուրիշներ` ոչ, որոնք առաւելագոյնը 35 տարեկան երիտասարդներ են»: Աղբիւրները մերժեցին անոնց ինքնութեան շուրջ յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցել:

