ԻՐԱՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ԲՈՂՈՔԱԳԻՐ ՄԸ ՅՂԱԾ Է
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Թեհրան իրանցի սահմանապահ զինուորի մը սպանութեան առնչութեամբ Պաքուին բողոքագիր մը յղած է:
Իրանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Ճաւանշիր Ախունտով կանչուած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոր յանձնուած է բողոքագիրը:
Օրեր առաջ ազրպէյճանցի սահմանապահներ Ազրպէյճան-Իրան սահմանին վրայ սպաննած էին իրանցի 20-ամեայ սահմանապահ զինուոր Աքպար Կասունփուրին:
CATEGORIES Միջազգային

