ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՊԷՅՐՈՒԹ
Հըզպալլան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ եւ երեսփոխաններ Հասան Ֆատլալլա եւ Նաուար Սահիլի, շաբաթավերջին վերադարձան Պէյրութ` աւարտելէ ետք Մոսկուա կատարած իրենց այցելութիւնը:
Հըզպալլայի պատուիրակութիւնը Մոսկուայի մէջ հանդիպումներ ունեցած էր ռուս բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոնց` Լիբանանի նկատմամբ անոնց ցուցաբերած զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ օտար միջամտութիւնները մերժող Ռուսիոյ տեսակէտներուն համար:
Հանդիպումներուն ընթացքին ընդգծուեցաւ Ռուսիոյ եւ Հըզպալլայի միջեւ մնայուն խորհրդակցութիւնները պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը առաջին անգամ ըլլալով պիտի այցելէ նաեւ Չինաստան:
