ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել Փարիզի մէջ զգուշացուց Լիբանանի մէջ գործուելիք քաղաքական հաւանական սպանութիւններէ:

Շարպել առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու նկատել տուաւ, որ իր զգուշացումները հիմնուած են որոշ տեղեկութիւններու վրայ:

Ներքին գործոց նախարարը աւելցուց նաեւ, որ կան արմատականներ եւ ահաբեկիչներ, որոնք դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած են, սակայն անոնք ապօրինաբար մուտք գործած են պաղեստինեան գաղթակայաններ եւ կը պատրաստուին Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դէմ գործողութիւններ կատարելու:

 

ՄԻՒՍ կողմէ, «Հայաթ» օրաթերթը` Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունէն քաղելով իր տեղեկութիւնները, տեղեկացուց, որ Ռիատ խորհուրդ տուած է իր քաղաքացիներուն եւ ուսանողներուն զգուշանալու Կեդրոնական Պէյրութ ուղղուելէ:

 

Share this Article
CATEGORIES