ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ` ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Միացեալ Նահանգներ կատարած իր հովուապետական այցելութեան շրջագիծին մէջ շաբաթավերջին հասաւ Նիւ Ճըրզի, ուր անոր ի պատիւ յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Ֆիլիփ Սալիպա եպիսկոպոսը սարքեց ընթրիք մը:

Ընթրիքին ընթացքին Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ իրենք իբրեւ արաբներ չեն կրնար դէմ դնել դժուարութիւններուն, բացի եթէ միասնականութեամբ եւ միակամ պայքարին:

Ռայի պատրիարքը ըսաւ. «Լիբանանի մէջ մենք գիտցանք կրօնը բաժնել պետութենէն, սակայն Արեւմուտքի մէջ պետութիւնը բաժնած են Աստուծմէ»:

Ռայի պատրիարքը տեղւոյն լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներէն պահանջեց իրենց զաւակները արձանագրել լիբանանեան դեսպանատուներուն մէջ` աւելցնելով, որ քաղաքացիութիւնը ծնողք ունենալու համազօր է: «Անիկա մեր պատմութիւնն է ու սովորութիւնը: Իսկ մենք կը վերջանանք, սակայն պատմութիւնն ու Լիբանանը տակաւին երկար կը գոյատեւեն», նշեց ան:

 

Share this Article
CATEGORIES