ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ԼԻՊԻԱ

Լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Հասան Ժումաայի, երէկ մեկնեցաւ Լիպիա, ուր պիտի կատարէ շարք մը հաղորդակցութիւններ` հետապնդելու համար իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր երկու ընկերակիցներուն` շէյխ Մոհամետ Եաագուպի եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտինի անյայտ կորսուելուն թղթածրարը:

Ժումաա նկատել տուաւ, որ Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անյայտ կորսուելուն թղթածրարը Լիբանանի համար հիմնական հարց է:

Իր կարգին, Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ իմամ Մուսա Սատըրի թղթածրարը իրենց համար առաջնահերթութիւն է. ան աւելցուց, որ իրենք ամէնօրեայ դրութեամբ կը հետեւին այդ հարցին եւ կապի մէջ են Լիպիոյ յեղափոխականներուն հետ:

Share this Article
CATEGORIES