ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏԵՐԸ ԿԸ ԳՈՒԺԵՆ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԳԱՀԱԺԱՌԱՆԳ ԻՇԽԱՆԻՆ ՄԱՀԸ

Իշխան Սուլթան պըն Ապտել Ազիզ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին` գուժելով գահաժառանգ իշխան Սուլթան պըն Ապտել Ազիզի մահը:

Նախագահ Սլէյմանի ցաւակցագիրին մէջ նշուեցաւ, որ Սուլթան պըն Ապտել Ազիզ իշխանին մահը խոր կսկիծ պատճառած է իրեն եւ լիբանանցիներուն` աւելցնելով, որ ինք իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Սէուտական Արաբիոյ եւ անոր ժողովուրդին:

Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ եւ խորին ցաւակցութիւններ յայտնեց Սուլթան պըն Ապտել Ազիզ իշխանին մահուան առիթով:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ եւ ցաւակցութիւնները յայտնեց գահաժառանգ իշխանին մահուան առիթով:

Նշենք, որ Սուլթան պըն Ապտել Ազիզ իշխանին մահուան առիթով վարչապետ Միքաթի նաեւ ցաւակցագիր մը յղած էր Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին` նշելով, որ Սէուտական Արաբիա կորսնցուցած է իր սիւներէն մէկը, իսկ Լիբանան կը կորսնցնէ եղբայր մը եւ բարեկամ մը:

Հարկ է նշել, որ վաղը տեղի ունենալիք կառավարութեան արտակարգ նիստը յետաձգուեցաւ, որովհետեւ վարչապետ Միքաթի պիտի ուղղուի Սէուտական Արաբիա` ներկայ գտնուելու Սուլթան պըն Ապտել Ազիզ իշխանի յուղարկաւորութեան արարողութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES