ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան շաբաթ օր ընդունեց Արցախ ժամանած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ռոպըրթ Պրատքէն (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփովը (Ռուսիա) եւ Պեռնար Ֆասիէն (Ֆրանսա):
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ղարաբաղեան տագնապի լուծման եւ շրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան ընդգծեց, որ Ազրպէյճան չի դադրեցներ հակահայկական եւ հակաղարաբաղեան քարոզչութիւնը կոպտօրէն կը խախտէ զինադադարի դրութիւնը եւ կը շարունակէ ռազմականացման հոլովոյթը, ինչ որ լուրջ խոչընդոտ կը հանդիսանայ տագնապի լուծման, շրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան պահպանման համար: Սահակեան նաեւ նշեց, որ Ազրպէյճանը կառուցողական դաշտ բերելը կը հանդիսանայ տագնապի լուծման կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը:
Երկուստեք նշուեցաւ երկխօսութեան միջոցով բանակցային հոլովոյթին շարունակման կարեւորութիւնը, ուժային տարբերակի կիրարկման անընդունելիութիւնը: Յատուկ կերպով ընդգծուեցաւ, որ բանակցային հոլովոյթին մէջ շօշափելի յառաջընթաց ապահովելու համար նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը եւ անոր ուղղուած համապատասխան քայլերու իրականացումը:


