ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ ՄԷՋ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՓՈԽ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉ ԿԵՒԻՆ ՆԻՒՍԸՄԻ ՀԵՏ
Սան Ֆրանսիսքօ իր այցելութեան առիթով, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Քալիֆորնիոյ փոխկառավարիչ Կեւին Նիւսըմի:
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 21 հոկտեմբերի յետմիջօրէին, Արամ Ա. կաթողիկոսի իջեւանած պանդոկին մէկ հիւրասրահին մէջ: Ներկայ էին վեհափառի շքախումբի անդամներ:
Նիւսըմ յայտնեց, որ եկած է իր յարգանքը փոխանցելու վեհափառին, որուն հետ ունի անցեալէն եկող բարեկամութիւն: Վեհափառը նաեւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Նիւսըմի արդարատենջ կեցուածքներուն համար` յիշելով, որ անոր քաղաքապետ եղած օրերուն թէ ներկայիս` իբրեւ նահանգի փոխկառավարիչ, կանգնած է Ցեղասպանութեան ճանաչման կողքին:
Հանդիպումի աւարտին, վեհափառն ու փոխկառավարիչը յուշանուէրներ փոխանակեցին:
ՆԱԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ
Արամ Ա. կաթողիկոսի հովուապետական այցելութեան Սան Ֆրանսիսքոյի հանգրուանը յատկանշուեցաւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութեանց հետ հանդիպումներով:
Ուրբաթ, 21 հոկտեմբերի յետմիջօրէին, վեհափառը այցելեց Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետարանը եւ տեսակցութիւն ունեցաւ քաղաքապետ Էտվին Լիի հետ: Քաղաքապետին կողքին, հանդիպումին մասնակից էին քաղաքապետի օգնականներէն ու քաղաքապետութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Շոն Էլսպըրնտ, Շարլոթ Շուլց եւ Մարք Չենտլըր:
Վեհափառը գնահատանք արտայայտեց հայ գաղութին հետ քաղաքապետութեան շինիչ յարաբերութիւններուն ու յատկապէս Հայ դատին ի նպաստ կեցուածքին համար: Ան վեր առաւ մշակոյթի ու համակեցութեան տիպար քաղաք մը ըլլալու Սան Ֆրանսիսքոյի յատկանիշը եւ գոհունակութիւն արտայայտեց, որ հայութիւնը մասնակից է քաղաքի բարգաւաճման:
Արամ Ա. կաթողիկոս յիշեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւս իր պատմական հողերէն հայութեան բռնագաղթին ու Ցեղասպանութեան զոհերէն է, կը կանգնի հայութեան պահանջատիրութեան յառաջապահի դիրքերուն վրայ ու հետամուտ է ամէն տեսակի անիրաւութեան սրբագրումին, հայութեան բոլոր իրաւունքներուն վերականգնումին: «Մեր սպասումն է, որ Միացեալ Նահանգներ կանգնին արդարութեան, մեր իրաւունքներուն կողքին, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ կը հանդիսանան մարդկային իրաւունքներու եւ արդարութեան ջատագով», շեշտեց վեհափառը, որ նաեւ ընդգծեց, որ Ցեղասպանութեան կանխարգիլումը կենսական հրամայական է համայնքներուն համար: «Ցեղասպանութիւնը միայն անցեալին ու պատմութեան չի վերաբերիր, անիկա այժմէական հարց է ու պէտք է դիմագրաւուի լուրջ մօտեցումով», ընդգծեց վեհափառը:
Քաղաքապետ Լի պատասխանեց ըսելով, որ խորապէս ուրախ է վեհափառին այցելութեան համար: Ան աւելցուց, որ բազմազանութիւնը կարեւոր յատկանիշ է իր քաղաքին համար եւ կը հանդիսանայ անոր ինքնութեան բանալի տարրը:
Հանդիպումը վերջ գտաւ յուշանուէրներու փոխանակումով:



