ՊԱՔՈՒ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՅ, ՈՐ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ ԿԱՐԵԼԻ Է ԼՈՒԾԵԼ ՌՈՒՍԻՈՅ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ» Կ՛ԸՍԷ ՊԻՒԼՊԻՒԼՕՂԼՈՒ

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլու Մոսկուայի մէջ Ազրպէյճանի անկախութեան

20-ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Պաքու կը հաւատայ, որ ղարաբաղեան տագնապը կարելի է լուծել Ռուսիոյ աջակցութեամբ:

Բարձր գնահատելով Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի` ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղուած ջանքերը, Ազրպէյճանի դեսպանը ըսած է. «Մենք լուծման մեր յոյսը  չենք կորսնցներ, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը պիտի լուծուի խաղաղ ճամբով եւ միջազգային իրաւունքի ծիրին մէջ խնդիրի լուծման գործին մէջ կը տեսնենք Ռուսիոյ աշխուժ գործունէութիւնը: Մենք կը հաւատանք, որ Ռուսիոյ աջակցութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը պիտի գտնէ իր լուծումը»:

Share this Article
CATEGORIES