ԱՍԻՈՅ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՏՂՈՑ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ.16 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ. ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՄԸ ԵՒ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Վիեթնամի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց կրտսերներու ախոյեանութեան (16 տարեկանէն վար) Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի ազգային խումբը կատարեց երկու մրցում:

Շաբաթ օր իր կատարած մրցումին Լիբանան յաղթանակ մը արձանագրեց 77-65 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Հնդկաստանը: Լիբանանէն Ժերար Հատիտեան նշանակեց 20 կէտ:

Իսկ երէկ` կիրակի, 23 հոկտեմբերին, լիբանանի ազգային խումբը 88-42 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Չինաստանէն:

Այսօր Լիբանան կը կատարէ Բ. հանգրուանի իր վերջին մրցումը` Թայուանի դէմ:

Share this Article
CATEGORIES