ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԳԵՐԲԱԺԱԿ. ՌԻԱՏԻ ՊԷՅՐՈՒԹ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ` ՅԱՂԹԵԼԷ ԵՏՔ ՇԱՆՎԻԼԻ
Երէկ երեկոյեան, Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ (Նահր Մոթ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի գերբաժակի մրցումը, որուն ընթացքին շուրջ 1500 հանդիսատեսներու ներկայութեան իրարու դէմ ճակատեցան Ռիատի Պէյրութ եւ Շանվիլ:
Լիբանանի եւ Ասիոյ ախոյեան Ռիատի տիրացաւ տիտղոսին, երկու կէտի տարբերութեամբ 84-82 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր մրցակիցին: Ռիատիէն 29 կէտ նշանակեց ամերիկացի Տեվըրիք Սփենսըր, իսկ Շանվիլէն նոյնքան կէտ նշանակեցին Ֆետի Խաթիպ եւ ամերիկացի Սեմ Հոսքին:
CATEGORIES Մարզական

