ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՈՒԼԻՍ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ 2011-Ի ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի 2011-ի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 26-րդ հանգրուանի մրցումները:

Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ուլիս, Երեւանի Հրազդան մարզադաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ եւ պարտութեան մատնելէ ետք վերջին դիրքը գրաւող Արարատը, հանդիսացաւ ախոյեան:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք Ուլիս ունեցաւ 52 կէտ, իսկ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Գանձասար, որ 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Միքայէն` 42 կէտ: Իր կարգին, Փիւնիկ (3-րդ) ունի 42 կէտ: Անիկա 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Շիրակի հետ:

Վերջապէս, չորրորդ եւ վերջին մրցումին, Բանանց 3-2 արդիւնքով յաղթեց Իմփուլսի:

Ստորեւ կու տանք դասաւորումը.

 

Յ. Հ. Պ. ՆՇ. ՍՏ. ԿԷՏ.
1.- Ուլիս 15 7 4 37 18 52
2.- Գանձասար 11 9 6 30 18 42
3.- Փիւնիկ 11 9 6 32 28 42
4.- Բանանց 11 7 8 40 30 40
5.- Միքա 11 7 8 33 25 40
6.- Իմփուլս 10 6 10 36 34 36
7.- Շիրակ 5 7 14 24 39 22
8.- Արարատ 2 4 20 13 53 10

 

Share this Article
CATEGORIES