ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ ԺՈՒՆԻԷ ԱՊԱՀՈՎԵՑ Բ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ԻՐ ՏՈՄՍԸ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, լեռնալիբանանի նահանգի Է. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ ժունիէ տպաւորիչ մրցումներ կատարելով եւ իր արձանագրած չորս յաղթանակներուն շնորհիւ գրաւելով խմբակին պարագլուխի դիրքը, ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը:
ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի տղաքը յաջորդաբար յաղթեցին Համլայայի (64-31), Սըյուտ Տըպպայայի (43-38), Ֆրեր Պէյթ Մերիի (46-31) եւ Լիուա Պարժայի (54-53): Վերջին յաղթանակին շնորհիւ էր, որ ՀՄԸՄ Ժունիէ ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը:
Բ. հանգրուանի մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն բոլոր նահանգներէն 12 խումբեր: Աւարտին, դասաւորման առաջին երեք դիրքերը գրաւողները կը բարձրանան Գ. դասակարգ, իսկ չորրորդ դիրքը գրաւողը փլէյ-օֆի մրցում կը կատարէ չորրորդ տոմսին համար:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը իր կատարած վերջին մրցումին 49-35 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով աւարտեց Դ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ իր կատարած մրցումները:

