50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (25 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՌԱՏԻՈՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«ԶԱՐԵՀ Ա.ԻՆ ՓՈԽԱՆՑԵՑԷՔ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐՍ
ԵՒ ՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐՍ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ

Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան վարչապետ տոքթ. Մաամուն Քըզպարի ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ պատուիրակութիւն մը, զոր կը գլխաւորէր Լիբանանի թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան, եւ որուն մաս կը կազմէին Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արք., եկեղեցականներ եւ աշխարհականներ:

Պատուիրակութիւնը կը ներկայացնէր Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան, Լիբանանի, Կիպրոսի եւ այլ շրջաններու հայոց կաթողիկոս Զարեհ Ա.ը:

Պատուիրակութեան անդամ մը խօսք առնելով` շնորհաւորեց նոր կառավարութիւնը, յաջողութեան մաղթանքներ կատարելով:

Վարչապետ տոքթ. Մաամուն Քըզպարի իր պատասխանին մէջ յայտարարեց.

– Շնորհակալութիւններս կը յայտնեմ վեհափառ հայրապետին այս յարգելի պատուիրակութիւնը ղրկած ըլլալուն համար` յայտնելով իր համամտութիւնը յեղափոխական այս օրհնեալ շարժման, շնորհակալութիւններս կը յայտնեմ նաեւ ձեզի, ձեր ազնիւ զգացումներուն համար: Կ՛ուզեմ այս առթիւ կրկնել, թէ ուխտած ենք ազատութիւն պարգեւել բոլորին: Կ՛ուզենք, որ միայն ազատութիւնը իշխէ այս երկրին մէջ, եւ մենք հաւատացած ենք, թէ պիտի իրագործուին մեր յոյսերը` սիրոյ եւ եղբայրական մթնոլորտի մը մէջ:

Չեմ զարմանար ձեր արաբական զգացումներուն համար, որովհետեւ երկար տարիներէ ի վեր այս երկրին մէջ ապրելով` համոզուած էք, որ երկրին բոլոր բարիքները օրհնութիւններ են ինչպէս արաբին, նոյնպէս ալ ձեզի, եւ Սուրիոյ հանդէպ բոլոր ոտնձգութիւնները  կը սպառնան նաեւ ձեզի:

Ձեր արտայայտած զգացումները մեծ շնորհակալութիւնով կ՛ընդունինք եւ կը խնդրենք  Աստուծմէ, որ ուղղէ մեր քայլերը, որպէսզի այս ժողովուրդը, որ շատ բան զոհած է իր ազատութեան համար, վայելէ զայն:

Կը խնդրեմ ջերմագին շնորհակալութիւններս եւ մաղթանքներս յայտնել վեհափառ հայրապետին:

ԹՐՔԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
ՀԱՍՏԱՏԱԾ ՉԷ՞ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Քանի մը օրէ ի վեր շրջան կ՛ընէր զրոյց մը, ըստ որուն, իբր թէ թուրք կառավարութիւնը տակաւին հաստատած չէ Պոլսոյ պատրիարք Շնորհք եպս. Գալուստեանին ընտրութիւնը:

Վերջին թղթատարով ստացուած պոլսահայ թերթեր կը հրատարակեն Պոլսոյ պատրիարքութեան մէկ հաղորդագրութիւնը, որմէ կը հասկցուի, թէ Էջմիածինն ալ տակաւին շնորհաւորական կոնդակ չէ ղրկած Պոլիս` սպասելով պետական հաստատման: Ստորեւ նոյնութեամբ կու տանք Էջմիածնի 18 հոկտ. թուակիր հեռագիրը` ի պատասխան պատրիարքի ընտրութեան Պատգամաւորական ժողովի 11 հոկտեմբեր եւ պատրիարքարանի 17 հոկտեմբեր թուակիր երկու հեռագիրներուն.-

«Վեհափառ հայրապետը գոհունակութեամբ ստացաւ ձեր հեռագիրը Շնորհք եպիսկոպոսի պատրիարք ընտրուելու մասին: Հաճեցէք յայտնել պետական հաստատման մասին: Պիտի յաջորդէ վեհափառին շնորհաւորական կոնդակը»:

 

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆՑ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ ՉԵՆ ԸՆՏՐՈՒԱԾ

 

Թուրքիոյ ընտրութեանց վերջին արդիւնքները ցոյց կու տան, որ չորս կուսակցութեանց ցանկերուն վրայ գտնուող փոքրամասնութեանց թեկնածուներէն ոչ մէկը ընտրուած է:

Միայն Պերճ Թուրան անունով հայ մը Ատալեթ կուսակցութեան կողմէ ընտրուած ծերակուտականներուն մէջ կը գտնուի:

Կարգ մը թրքական թերթեր արդէն նախատեսած էին փոքրամասնութեանց թեկնածուներուն ճակատագիրը եւ պարզած` սարքուած խաղին ծալքերը: Այժմ, երբ ընտրութիւնները վերջացած են, յայտնի եղած է, որ Թուրքիոյ ներկայ երեսփոխանական ժողովին մէջ ո՛չ հայ, ո՛չ հրեայ, ո՛չ յոյն եւ ո՛չ ալ այլ փոքրամասնութեանց պատկանող երեսփոխան կայ:

ՑԱՒԱԼԻ ԿՈՐՈՒՍՏ ՄԸ

Աղեքսանդրիոյ մէջ ինքնաշարժի արկածի մը զոհ գացած է տեղւոյն ծանօթ ազգայիններէն Լուտեր Պոհճալեան: Ծնած էր Տերենկ Մատեն (Անգարայի նահանգ) 1886-ին: 1919-ին հաստատուած էր Աղեքսանդրիա եւ առեւտրական հրապարակի վրայ տիրացած պատուաբեր դիրքի:

Հանգուցեալի եղերական մահը մեծ ցաւ պատճառած է ամբողջ գաղութին:

ԵՐԿՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ

Անգլիոյ Քենթ քաղաքի կաթնավաճառներէն մէկուն երկու ձիերը տարիներ շարունակ նոյն կառքին լծուելով` իրարու հետ բարեկամացած են: Օր մը, սակայն, կաթնավաճառը ձիերը ծախած է: Մէկը ծախած է Լոնտոն, իսկ երկրորդը` Քենթըրպըրի: Այս բաժանումը այնքան դառնացուցած է չորքոտանի բարեկամները, որ երկուքն ալ զիրենք պատած տխրութենէն հիւանդացած են: Ֆարնպըրիէն անասուններ սիրող ագարակապան մը, անցեալէն ճանչնալով ձիերը, երկուքն ալ գնած եւ զանոնք փրկած է: Երկու բարեկամները շուտով վերագտած են իրենց առողջութիւնը եւ ներկայիս երջանիկ կը ծառայեն իրենց նոր տիրոջ:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՐԻ ԱՆՍԱՄՊԼԻ
ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Մօտ տասը օրէ ի վեր Հայաստանի պարի պետական անսամպլը գեղարուեստական վայելքի երեկոներ կը պարգեւէ արուեստասէր հասարակութեան, որ ստուար բազմութեամբ կը լեցնէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի սրահը:

Խանդավառ հանդիսականներու մէջ կը գտնուին ոչ միայն հայեր, այլ նաեւ` տեղացիներ, որոնք սքանչացումով կ՛արտայայտուին հայկական նուրբ պարարուեստի մասին:

Ամէն գիշեր Օֆելիա Համբարձումեան եւ Յովհաննէս Պատալեան հանդէս կու գան սիրուած երգերով եւ իրենց բարձր արուեստին թովչանքով կը հմայեն ունկնդիրները: Հայկական երգերու անզուգական մեկնաբանողներն են անոնք` իրենց քաղցրալուր ձայնով եւ խոր ապրումով:

Ներկայացումները կը շարունակուին մինչեւ հոկտեմբեր 26` առիթ տալու համար, որ լայն զանգուածներ վայելեն մեր սիրուն երգերուն եւ պարերուն հաճոյքը:

Տեղական մամուլն ալ կ՛անդրադառնայ այս ներկայացումներուն` ներբողական տողեր նուիրելով:

Վերջին երկու ելոյթները տեղի կ՛ունենան չորեքշաբթի 25 եւ հինգշաբթի 26 հոկտեմբերին:

Հայ վարժարաններու աշակերտներուն համար յաւելեալ ելոյթ` շաբաթ 28 հոկտեմբեր, կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի սրահին մէջ:

Ուրբաթ օրուան ելոյթը ջնջուած է:

Share this Article
CATEGORIES