ԵՐԹԱՍ ԲԱՐՈՎ, ՍԻՐԵԼԻ՛ ԱՄԱՌ

Հինգշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2011-ին տեղի ունեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի մանկապարտէզի ծնողական առաջին ժողովը, որ «Երթաս բարով, սիրելի ամառ» թեմայով` իր տեսակին մէջ եզակի բնոյթ զգեցաւ:

Այդ օր ուսուցչուհիներն ու աշակերտները դպրոց ներկայացան ամառնային խաղի տարազներով, իսկ մանուկներուն դէմքերուն վրայ գծուած եւ ներկուած էին ամպ ու արեւ` խորհրդանշելու համար օրուան թեման եւ իրենց իւրայատուկ ոճով հրաժեշտ տալու ամրան արձակուրդին:

Ժողովը վարեց վարժարանի վարիչ մանկապարտիզպանուհի Իրմա Ճերեճեան. ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ու ներկայացուց մանկապարտէզի մէջ 2011-2012 տարեշրջանին կիրարկուելիք ընդհանուր ծրագիրը` կրթական, ընկերային եւ արտադպրոցական:

Ի. Ճերեճեան բացատրեց նաեւ դպրոցին կանոնները եւ օգտաշատ ու շահաւէտ թելադրանքներ կատարելէ ետք, շեշտը դրաւ դպրոց-ուսուցիչ-ծնողք գործակցութեան անհրաժեշտութեան վրայ:

Ժողովէն ետք հասաւ հաճելի անակնկալի պահը. մանկապարտէզպանուհիին նախաձեռնութեամբ, ուսուցչուհիներուն կողմէ պատրաստուած էին զուարճալի մրցում-խաղեր, որոնց մասնակիցներն էին մայրերն ու ներկաները, իսկ քաջալերողները` մեր փոքրիկ աշակերտները. խանդավառ մթնոլորտի մէջ, ծափ ու կանչերու մէջ ներկաները պահ մը մոռնալով առօրեայ հոգերը` վերապրեցան իրենց մանկութեան երջանիկ յուշերը:

Յաղթողները ստացան նուէրներ: Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որմէ ետք ներկաները այցելեցին դասարանները եւ ստացան օրուան թեման խորհրդանշող ձեռային աշխատանքը:

Բոլորը տուն մեկնեցան գոհունակ սրտով:

Share this Article
CATEGORIES