ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԵԱՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉ ՄԻՇԷԼ ԽԷՅՐԻ «ԵԹԷ ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐՍ ԽՕՍԻՆ» ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԱԾՈՒԻՆ ԳԻՆԵՁՕՆԸ

Չորեքշաբթի, 5 հոկտեմբեր 2011-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ, ներկայութեամբ վարժարանի տնօրէնին, երկրորդական բաժինի ուսուցչական եւ տեսչական կազմերու անդամներուն եւ աւարտական դասարանի աշակերտութեան, տեղի ունեցան վարժարանի երկրորդական բաժնի արաբերէն գրականութեան եւ փիլիսոփայութեան ուսուցիչ Միշէլ Խէյրի նոր լոյս տեսած բանաստեղծութիւններու ժողովածուի ներկայացումն ու գինեձօնը:

Խօսք առնելով` վարժարանի ուսուցչապետ Ապտել Մասսիհ Ապու Իլիաս ըսաւ. «Մեզ հոս մէկտեղած է գեղեցիկ առիթ մը` Միշէլ Խէյրի «Եթէ արցունքներս խօսին» բանաստեղծական ժողովածուն: Այս գիրքը բանաստեղծին գեղեցիկ զգացումներու հաւաքածոյ մըն է, որ կը ներկայանայ նրբութեամբ` որպէս երաժշտութիւն մը: Անիկա կարծես արուեստի գործ մը ըլլայ` լի գեղեցիկ գոյներով, մանաւանդ` կարմիրով: Գիրքը կ՛արտացոլէ բանաստեղծին գրական տարբեր շրջանները`  յոյսերով լեցուն, սիրով լեցուն: Ան հոս կը ներկայանայ որպէս հայր, որ կը գտնուի անակնկալներու առջեւ, որպէս մարդ` հակասութիւններու դէմ յանդիման, լաւի ու չարի կողքին, մարդկային արժէքներուն հետ, մակերեսային մարդոց կողքին, որոնք տարուեցան անիմաստ ինքնասիրութեամբ»:

Ներկայացնելէ ետք գիրքը, Ապտել Մասսիհ Ապու Իլիաս տնօրէնութեան եւ անձամբ իր անունով շնորհաւորեց բանաստեղծը եւ մաղթեց, որ ան շարունակէ խօսքի իր առաքելութիւնը, այն «մեծ ուսուցիչն ու մանկավարժը, որ փայլուն ապագաներ կերտողն է նաեւ»: Շնորհակալութեան խօսք մըն ալ ուղղուեցաւ ներկայ ուսուցիչներուն եւ յատկապէս տնօրէնութեան, որ ստեղծած էր այս գեղեցիկ առիթը:

Այնուհետեւ Միշէլ Խէյր իր բանաստեղծութիւններու ժողովածուէն ներկաներուն ներկայացուց շարք մը բանաստեղծութիւններ: Անոր ստեղծագործութիւնները կ՛ընդգրկէին սիրոյ թեման, ինչպէս նաեւ` հայրենասիրութիւնը: Իսկ սիրելի հարազատներուն, յատկապէս ողբացեալ կողակիցին նուիրուած բանաստեղծութեան մը մէջ ան կ՛արտայայտէ այն միտքը, որ կինը թէկուզ բացակայ էր իր կեանքէն, սակայն կը շարունակէր լեցնել իր սիրտն ու հոգին: Իսկ ողբացեալ մօր նուիրուած ստեղծագործութեան մէջ ան կը շեշտէ, թէ մայրը «կամքի, հաւատքի, երազներու եւ հոգածութեան» խորհրդանիշը կը մնայ:

Իր կարգին խօսք առնելով` վարժարանի արաբերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ Սամի Ռահհալ վեր հանեց բանաստեղծութեան դերը մարդու կերտումի գործընթացին մէջ, նշելով, որ բանաստեղծութիւնը կ՛արտայայտէ զգացում, մշակոյթ, աւանդութիւններ:

Ան շնորհաւորեց թէ՛ հեղինակը, թէ՛ բոլոր ներկաները, ապա անձնական բանաստեղծական գրութեամբ մը գովաբանեց գիրքին հեղինակը` Միշէլ Խէյրը:

Աշակերտութեան անունով խօսք առաւ շրջանաւարտ աշակերտուհի Նաթալի Ազար, որ ըսաւ. «Հաւաքուած ենք մեծարելու մեր սիրելի ուսուցիչը: Հպարտ ենք իրմով, որովհետեւ ան ունի մեծ սիրտ, գիտելիքներու ծով պաշար, որովհետեւ ան յոգնած է` արաբերէն փիլիսոփայութիւնը մատչելի դարձնելով մեզի համար, ինք անձամբ դառնալով փիլիսոփայութեան լաւագոյն օրինակը բոլորիս: Այսօր դարձեալ կ՛ըսեմ` մենք հպարտ ենք եւ ուրախ ենք ձեզմով: Շնորհակալութի՛ւն, շատ սիրելի ուսուցիչ»:

Այնուհետեւ Միշէլ Խէյր յիշատակի համար լուսանկարուեցաւ վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստին, ուսուցչապետ Ապտել Մասսիհ Ապու Իլիասին, գրականութեան ուսուցիչ Սամի Ռահհալին եւ շրջանաւարտ աշակերտուհի Նաթալի Ազարին ընկերակցութեամբ:

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Share this Article
CATEGORIES