ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ. ՊԱՔՈՒԻ ԲՆԱԿԱՆ ԿԱԶԻ ՆՈՐ ՊԱՀԵՍՏՆԵՐՈՒ ՅԱՅՏՆԱԳՈՐԾՈՒՄԸ ԿԱՍՊԵԱՆ ԽՈՂՈՎԱԿԱՇԱՐԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑՆԷ

«Արեւմտեան ազերի» նաւթային ընկերութիւնը քարիւղ եւ կազ կ՛արտահանէ Կասպից ծովէն: Ազրպէյճան արդէն իսկ քարիւղ եւ կազ կը քաշէ, կը ծծէ Կասպից ծովուն մէջ գտնուող քանի մը վայրերէ եւ բնական կազի նոր հանք մը, որ վերջերս գտնուեցաւ Պաքուի ափամերձ շրջանին մէջ, կը պարունակէ շուրջ 350 միլիառ խորանարդ մեթր կազ եւ 45 միլիոն թոն` խտացուած:

Կասպից ծովուն մէջ զգալի քանակով նոր բնական կազի դաշտի յայտնաբերումը լրացուցիչ պատճառ կը հանդիսանայ Ազրպէյճանի պաշտօնատարներուն հրճուանքին: Բայց այս յայտնագործումը նաեւ կ՛ընդգծէ Պաքուի համար երկմտանք մը. կազի առատութիւնը ներկայիս կը բախի արտադրութեան կարողութիւններու բացակայութեան:

Բայց ասիկա խնդիր մըն է, զոր ազրպէյճանցի պաշտօնատարները ուրախ են, որ ունին: Կազի նոր հանքավայրը, յայտնագործուած` Ապշերոնեան թերակղզիի ափամերձ ջուրերուն մէջ, կը պարունակէ 350 միլիառ խորանարդ մեթր կազ եւ 45 միլիոն թոն` խտացուած:

Խայտացող նախագահ Իլհամ Ալիեւ 9 սեպտեմբերին նախատեսեց, որ այս յայտնագործումը պիտի օգնէ, որպէսզի Ազրպէյճան «քանի մը տասնամեակէն» դառնայ «հսկայ ծաւալի» կազ արտադրող: Որոշ վերլուծաբաններ համաձայն են, որ Ազրպէյճան ի վերջոյ կրնայ աւելի կազ արտադրել, քան քարիւղ:

Ազրպէյճանի կազի առնչութեամբ երկմտութեան պատճառը այն է, որ կազի վրայ կեդրոնանալու նախատեսելի արդիւնքը այն է, որ երկար ատենէ քննարկուած, բայց տակաւին անկատար, արտադրութեան ուղիները պիտի վերանայուին եւ պիտի ստանան երկրորդ, նոյնիսկ երրորդ առիթ: Ազրպէյճանի այժմու փաստուած կազի պահեստները 2,55 եռիլիոն խորանարդ մեթր են, բաւական նուազ` Ռուսիոյ 47,57 եռիլիոնէն, եւ կէսէն աւելի քիչ` Թիւրքմենիստանի 7,5 եռիլիոն խորանարդ մեթրէն:

Որոշ ժամանակի կը կարօտի, մինչեւ որ Պաքու սկսի դրամական հոսք վայելել իր վերջին յայտնագործումէն:

«Չ՛ակնկալուիր, որ Ապշերոնի մէջ առեւտրական կազի արտահանումը 2021-2022 առաջ սկսի», ըսաւ Ազրպէյճանի պետական քարիւղի ընկերութեան (ԱՊՔԸ) փոխնախագահ Խոշպախթ Եուսիֆզատէ:

Առաջին քայլը պիտի ըլլայ կառուցումը խորունկ ջուրի սարքի մը, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ մակերեսէն շուրջ 500 մեթր ցած գտնուող պահեստի վայրին:

ԱՊՔԸ-ն եւ ֆրանսական «Թոթալ» քարիւղի ընկերութիւնը` ծրագիրի գործադիրը, ունին հաւասար` իւրաքանչիւրը 40 առ հարիւր բաժին այս ծրագիրին մէջ: «Կազ տը Ֆրանս ՍՈՒԷԶ»` 20 առ հարիւր:

Ծրագիրին մէջ երկու եւրոպական ընկերութիւններու ներկայութիւնը կը դիտուի նշան մը, որ Եւրոպական Միութիւնը հզօր ձգտում, խթան ունի ընդլայնելու իր անցքերը դէպի Ապշերոնի կազ: Արդարեւ, յայտնագործումին մասին յայտարարութենէն կարճ ժամանակ ետք Եւրոպական Խորհուրդը կանաչ լոյս տուաւ կասպեան խողովակաշարի կառուցման շուրջ երկխօսութիւն սկսելու Ազրպէյճանի եւ Թիւրքմենիստանի հետ: Ան կը նախատեսէ, որ կասպեան խողովակաշարը նոր շունչ, կենդանութիւն պիտի հաղորդէ երկար ատենէ յետաձգուած Նապուքօ խողովակաշարին, որովհետեւ նախնական ծրագիրները երկուքը իրարու միացնելու մասին կը նշեն: Ատիկա պիտի ստեղծէ դէպի Եւրոպական Միութիւն արտադրութեան ցանց մը, որ կը շրջանցէ Ռուսիոյ տարածքը:

Առայժմ արտադրութեան մեծ ծրագիրները կը մնան գրատախտակին վրայ: 23 սեպտեմբերին տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ԱՊՔԸ-ի փոխնախագահ Էլշատ Նասիրով պնդեց, թէ «ենթակառոյցի եւ պահանջի բացակայութիւնը» կը նշանակէ, որ Ազրպէյճան ի վիճակի է կազ արտահանելու միայն դրացի երկիրներ` Թուրքիա (տարեկան 6 միլիառ խորանարդ մեթր), Վրաստան (շուրջ 2 մխմ) եւ Ռուսիա (շուրջ 1,5 մխմ):

Կը թուի, թէ Նասիրովի  նկատողութիւնը, նշումը նուրբ յիշեցում մըն է Նապուքոյի մասնակիցներուն, թէ Պաքու կազ ունի բաժնելու, բայց ոչ` խողովակաշարը:

«Եթէ մենք ունենանք ենթակառոյցը կազ հայթայթելու համար Թուրքիայէն անդին (դէպի Եւրոպական Միութիւն), մենք անշուշտ պիտի ընենք ատիկա», աւելցուց ան:

Բանալի բառը, անշուշտ, «եթէ»ն է:

Հակառակ զեղուն լաւատեսութեան` երկու կողմերէն, Պաքու եւ Անգարա տակաւին ձախողած են վերջնական համաձայնութիւն մը գոյացնելու ազրպէյճանական կապը Թուրքիոյ ճամբով Եւրոպա հասցնելու պայմաններուն շուրջը: Սեպտեմբերի վերջաւորութեան կ՛ակնկալուէր այս գծով համաձայնագիր մը, բայց անյայտ պատճառներով ատիկա չամբողջացաւ:

Ապշերոնի գտածոն կրնայ մղել Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները` աւելի ճնշում բանեցնելու Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի համաձայնութիւն մը գոյացնէ Պաքուի հետ եւ` «դիւրին ձեւ մը ունենայ Ազրպէյճանէն կազ ներածելու համար», ըսաւ անկախ երեսփոխան Ռասիմ Մուսապեքով, որ արտաքին քաղաքականութեան խորհրդարանական յանձնախումբին անդամ է:

Այսպիսի ճնշում մը առանձինն կրնայ բաւարար չըլլալ: (Մուսապեքով նախկին անդամ է «Բաց հասարակութեան օժանդակութեան  հիմնադրամ»ի Ազրպէյճանի խորհուրդին. անդամ «Սորոս» հիմնադրամներու ցանցին: Եուրէյժիանեթ կը գործէ բաց հասարակութեան հիմնադրամներու հովանաւորութեամբ):

Պարզ է, որ տարանցիկ համաձայնութիւնը արգելակող գլխաւոր պատճառը դրամը չէ: 2010 թուականին ԱՊՔԸ-ի աղբիւր մը Եուրէյժիանեթին ըսաւ, որ Ազրպէյճան պատրաստ է տարանցման իրաւունքներու համար Թուրքիոյ 250 տոլար վճարելու` իւրաքանչիւր եռիլիոն խորանարդ մեթրի դիմաց:

Կազի աւելի մեծ ծաւալներու արտադրութիւնը պիտի նշանակէ դրամի աւելի մեծ ծաւալներ, բայց ազրպէյճանցի ուժանիւթի վերլուծաբան մը զգուշացուց, որ այդ փոփոխութիւնը առանձինն բաւարար չէ Թուրքիան մղելու, որպէսզի ստորագրէ տարանցման համաձայնագիր մը:

«Պաքուի եւ Անգարայի միջեւ տարակարծութիւնը կազի ծաւալներուն շուրջ չէ: Այսպիսով, յաւելեալ կազը իրենց դիրքերը պիտի չփոխէ», ըսաւ Պաքու տեղակայուած ուժանիւթի անկախ մասնագէտ Իլհամ Շապան: Այժմու տարակարծութիւնները կը կեդրոնանան կողմերուն միջեւ վէճերը լուծել վայրին վրայ. Անգարա նախապատուութիւն կու տայ Թուրքիոյ, Պաքու կը նախընտրէ Բրիտանիոյ կամ Զուիցերիոյ դատական համակարգիչը:

Բացի թրքական տարբերակէն, Պաքու նաեւ պէտք է ուսումնասիրէ, յայտնաբերէ դէպի Եւրոպա այլընտրանքային ուղիներ, ինչպէս Ազրպէյճան-Վրաստան-Ռումանիա կապակցող (ԱՎՌԿ) ծրագիրը, ըստ որուն, հեղուկի վերածուած բնական կազը Սեւ ծովու փոխադրանաւերու ճամբով կ՛արտադրուի Եւրոպա, կամ նոյնիսկ «աւելի մեծ ծաւալներու վաճառում»` Ռուսիոյ, նախքան Եւրոպայի վաճառքը:

Այս երկու կարելի ընտրանքները, տարբերակներն ալ իրենց սահմանափակումները ունին: Քիչ յառաջընթաց արձանագրուած է ԱՎՌԿ-ի ծրագիրին գծով, եւ Ազրպէյճանի այժմու խողովակաշարը դէպի Ռուսիա տարեկան 2 միլիառ խորանարդ մեթրէն աւելի չի կրնար փոխադրել:

Մինչ այդ կազը կը շարունակէ հոսիլ:

Անցեալ նոյեմբերին ԱՊՔԸ-ն յայտարարեց յայտնագործումը մինչեւ 200 միլիառ խորանարդ մեթր կազի պահեստներու` այլ ափամերձ վայրի մը մէջ (Ումիտ), նշելով, որ ատիկա կը մշակուի ԱՊՔԸ-ի (80 առ հարիւր), եւ ազրպէյճանական «Նոպել Օյլ» ընկերութեան (20 առ հարիւր) կողմէ: ԱՊՔԸ նաեւ լաւատես է ափամերձ Պապեք հանքավայրով, որ ըստ փոխնախագահ Եուսիֆզատէի պնդումներուն, կը պարունակէ շուրջ 400 միլիառ խորանարդ մեթր կազ: Ընկերութիւնը, որ ամբողջութեամբ սեփականատէրն է այդ վայրին, կը ծրագրէ հետախուզական աշխատանքը շուտով սկսիլ:

Ասիկա Ազրպէյճանը կը զետեղէ մեծ ակնկալութեան դիմաց: Իբրեւ կազ արտադրող երկիր` կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ դիրքի բարձրացում, յառաջընթաց տեղի պիտի չունենայ, բայց ապագայի ձեւափոխութեան, այլափոխութեան յոյսը կ՛աճի:

ՇԱՀԻՆ ԱՊՊԱՍՈՎ

«Եուրէյժիանեթ»

Share this Article
CATEGORIES