Ո՛Վ ՈՐ ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԿԸ ՍՈՐՎԻ, ՇԱՐԻԱՅՈՎ ՉԻ ՏԱՐՈՒԻՐ
«Հապերթուրք» օրաթերթին մէջ երկուշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2011-ին, հրատարակուած պատմութիւն մը անհանգստացուցած է զգայուն շրջանակներ:
Երբ ես առաջին անգամ կարդացի ատիկա, ըսի. «Աշխարհի ո՞ր կողմէն կու գայ ասիկա»:
Ես անմիջապէս յիշեցի առանցք փոխելու Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱԲԿ) կառավարութեան ջանքերը: Ես հարցուցի. «Ուրիշ բան մը կա՞յ այս առաջարկին ետին»:
Նիւթը արաբերէնի ներառումն է այն օտար լեզուներու շարքին, ինչպէս` չինարէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, սպաներէն, իտալերէն, ճափոներէն, ռուսերէն, որոնք առաջարկուած են 1997-էն ի վեր իբրեւ ընտրովի երկրորդ լեզուի դասընթացքներ` սկսելով նախակրթարաններու չորրորդ դասարաններէն: Այժմ (Թուրքիոյ) կրթութեան նախարարութիւնը սկսած է պատրաստութիւններու: Ըստ այս տեղեկութեան, յառաջիկայ տարիներուն ծրագրուած է, որ արաբերէնը աստիճանաբար պիտի ներկայացուի իբրեւ ընտրովի լեզու` սկսելով չորրորդ դասարանէն եւ հասնելով մինչեւ ութերորդ դասարան:
Դուք կրնաք դժուարանալ կապ մը տեսնելու օտար լեզուի եւ աշխարհիկ համակարգի միջեւ: Բայց երբ խնդրոյ առարկայ լեզուն արաբերէնն է, ձեւով մը հարցերը կը փոխուին: Եթէ ատիկա ըլլար ֆրանսերէն, գերմաներէն կամ անգլերէն, ոչ ոք այսպիսի բանավէճ պիտի սկսէր: Ատիկա բնական պիտի նկատուէր:
Ինչո՞ւ մենք այդքան կը վախնանք արաբերէնի հաւանական տարածումէն:
Ի դէպ, իւրաքանչիւր օտար լեզու շատ կը նպաստէ, օգտակար կ՛ըլլայ զայն սորվող անձին: Այդ անձը կ՛որդեգրէ, կ՛ընդունի երկրորդ ինքնութիւն մը:
Ընկալումը, որ անցեալին մեզի պարտադրուած էր, եւ որ կ՛ըսէր. «Արեւմտեան արժէքները շատ աւելի յարգի են, արեւելեան արժէքները` յետամնաց», երբ խնդրոյ առարկայ լեզուն արաբերէնն է, աւելի քան երբեւէ աշխուժօրէն կը վերադառնայ:
Ատիկա կը դիտուի հետեւեալ ձեւով. ֆրանսերէն, գերմաներէն կամ անգլերէն սորվիլը յանձնառութիւն, նուիրուածութիւն է արեւմտեան արժէքներու, մինչ արաբերէն սորվիլը` յետադիմականութեան: Աւելի՛ն. արաբերէն սորվիլը իսլամականութեան աշխուժացման տարր մըն է:
Մեր նպատակները, թիրախներն են Արեւմուտքի արհեստագիտութիւնն ու բարեկեցութիւնը: Արաբերէնը ո՛չ մէկ ձեւով կը հետաքրքրէր մեզ:
Թուրքիա այժմ նկատի առնելով աշխարհի մէջ հաւասարակշռութիւնը` թեւակոխած է ամբողջովին այլ ուղի: Այս հոլովոյթին մէջ օտար լեզուն անհրաժեշտութիւն է: Ատիկա անխուսափելի է դրամ շահելու եւ այլ երկիրներու փորձառութիւններէն օգտուելու համար: Այս ժամանակաշրջանին մենք պէտք է ձեռնպահ մնանք, խուսափինք արաբները ստորագնահատելի եւ յաղթահարենք այն մտավախութիւնը, թէ ո՛վ որ արաբերէն կը սորվի, իսլամական քաղաքականութեամբ կը տարուի:
Բացի այս բոլորէն, ես երկու անձնական նշում ունիմ օտար լեզուներու մասին:
Պէտք է նշուի, որ արաբերէնէն բացի, կան այլ «աճող» լեզուներ, որոնք նաեւ պէտք է ուշադրութեան արժանանան: Այդ լեզուներուն առաջատարը չինարէնն է: Ատկէ ետք կու գայ մեր դրացի ռուսերէնը:
Եթէ օտար լեզու մը պէտք է դասաւանդել, ատիկա պէտք է պատշաճ կերպով ընել: Մենք կը տեսնենք, որ այն ուսանողները, որոնց տարիներէ ի վեր օտար լեզուներ դասաւանդուած են, չեն կրնար նոյնիսկ պատշաճ նախադասութիւն մը կազմել: Այլ բաներէ առաջ որակաւոր ուսուցիչներ պատրաստենք, հիմնենք լաւ կրթական ենթակառոյցներ եւ ապա կրթութեան ձեռնարկենք:
ՀԱՍԱՆ ՃԵՄԱԼԻ ՎԵՐՋԻՆ ԳԻՐՔԸ.
ԱՆՎՏԱՆԳ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԷՔ
Երբ ես արագ ակնարկ մը նետեցի գիրքին վրայ, տեսայ, որ թուրք հասարակութիւնը ուրկէ կու գայ այսպիսի բարձր գնացքով:
1987-ին Թուրքիոյ հարաւարեւելեան շրջանին մէջ տեղի ունեցած յարձակումներուն մասին երբ ըսի, թէ` «ասոր անունը քրտական հարց է եւ այս հարցը չի կրնար միայն ռազմական միջոցով լուծուիլ», դժոխք իջայ եւ զիս դատարան քաշքշեցին:
1988-ին Պեքաայի հովիտին մէջ երբ ես առաջին անգամ զրուցեցի Օճալանին հետ, Թուրքիոյ պետական ապահովական եւ արդարադատական հաստատութիւնները հետս այնպիսի ձեւով մը վարուեցան, որ կարծէք, թէ ես այն անձն էի, որ սկսած էր ՔԱԿ-ի խնդիրը, եւ կարծէք թէ թրքական զինեալ ուժերու կողմէ ես մահուան դատապարտուած էի:
1993-ին ես հսկայական հակադարձութիւններ ստացայ, երբ ըսի. «ՔԱԿ կազմակերպութիւն մըն է` ծնած քրտական հարցէն, եւ դժբախտաբար մեր ժողովուրդը սպաննելով` ՔԱԿ մեզի կը պարտադրէ ընդունելու այս հարցին գոյութիւնը»:
Այս նիւթին վերաբերեալ տարբեր տեսակէտներու պատկերացումներու փոփոխութիւնը տեսնելով` ես կ՛ուրախանամ, կը գոհանամ: Աւելի ըմբռնող, աւելի հաշտարար հատուած մը կը ստեղծուի: Այսինքն անցեալի բոլոր ջանքերը ի զուր են, այդ ջանքերը չեն մսխուած:
Հասան Ճեմալ կ՛ըսէ. «Պիտի գայ օրը, երբ պետութիւնը ներում պիտի հայցէ քիւրտերէն»:
Ասիկա ճիշդ է: Թերեւս մենք չենք տեսներ մեր կեանքին ընթացքին: Բայց ապագային Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը քրտական ծագում ունեցող մեր քաղաքացիներէն ներում պիտի հայցէ: Պետութիւնը իրարմէ պիտի չանջատէ ՔԱԿ-ն ու քրտական հարցը:
Թուրք հասարակութիւնը աստիճանաբար կը հասկնայ քրտական հարցը եւ կը սկսի վարժուիլ քիւրտերու ներկայութեան եւ անոնց հետ երկիրը բաժնեկցելու գաղափարին:
ՄԵՀՄԵԹ ԱԼԻ ՊԻՐԱՆՏ
«Հիւրրիյէթ»

