ԹՐՔԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵԶՐԵՐՈՒ ՆՈՐԱՑՈՒԱԾ ԲԱՌԱՐԱՆ
16 ապրիլ 2008 թուականին հրապարակուած «Թրքական քաղաքական եզրերու բառարան» աշխատութիւնս, կը կարծեմ, անհրաժեշտ է այլեւս նորացնել, թէեւ այժմու բառարանը կրնայ անբաւարար ըլլալ, խմբագրական յօդուածի տեղի սահմանափակման պատճառով: Բան մը, որ 2008 թուականին գոյութիւն չունէր:
Այդուհանդերձ, որոշ եզրեր զարմանալիօրէն անեղծ կը մնան:
Ահմեթ Տաւութօղլու.– Մեսիա, որուն գալուն Միջին Արեւելքը երկու հազարամեակ սպասած էր` կայուն խաղաղութիւն վայելելու համար:
Ասատ, Պաշշար.– Նախկին եղբայր, որ հրամայեց սպաննել իր սեփական ժողովուրդը:
Պաշիր, Օմար.– Եղբայր, որ հրամայեց կոտորել իր սեփական ժողովուրդը:
Ալ Խալիֆա, Խալիֆա պըն Սալման.– Եղբայր, որ հրահանգեց իր սեփական ժողովուրդը սպաննել:
Քուտս (Երուսաղէմ).– Ուր մենք բոլորս օր մը միասին պիտի աղօթենք:
Հակաիսրայէլականութիւն.– Մտային զառանցանքի վիճակ, որ հրաշալի կը միաւորէ տարբեր գաղափարախօսութիւն ունեցող թուրքերը, թրքական ժողովրդային ժամանց:
Պալքաններ.– Անցեալ եւ ապագայ Օսմանեան կայսրութեան հողատարածքի մաս:
Հաշտութիւն.– Խորհրդարանական նիստ մը, որուն ընթացքին կառավարութիւնը եւ ընդդիմադիր երեսփոխաններ իրենց աշխատավարձն ու այլ անձնական շահեր կը քննարկեն:
Յեղաշրջում, պետական հարուած.– Թրքական հնագոյն քաղաքական ծէս:
Տանի Այալոն.– Գլխաւոր աստղը մինի – շարժապատկերին. «Այսրյորդանանի ճշմարտութիւնը», նաեւ աստղը` պեսթ-սելըր շարժապատկերին. «Ցածրաթոռ դիւանագիտութիւնը»:
Դռնապան.– Պաշտօնատարը, որ կը յայտարարէ թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն յաջորդ մակարդակը:
Եգիպտոս.– Նոր գտնուած սէր (տես` Սուրիա), նաեւ` հալալ $$$$:
Եւրոպական Միութիւն.– Անցեալ եւ ապագայ օսմանեան տարածք (մասնակի):
Իրան.– Տարածք մը, ուր տարօրինակ եղբայրներ կ՛ապրին (տես` հալալ $$$):
Իրան, Սուրիա, Յունաստան եւ Լիպիա միացեալ.– Երկիրներ, որոնց հետ «մենք ունինք ընդհանուր պատմութիւն եւ ընդհանուր ապագայ» (տես` Ահմեթ Տաւութօղլու):
Երուսաղէմ.– Տես` Քուտս:
Լիպիա.– $$$$ (հալալ, անշուշտ):
Ազգայնականութիւն.- Օդը կրակել եւ ձեր դրացի 6-ամեայ երեխան սպաննել` ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յաղթանակէն ետք:
Փաքիստան.– Երկիրը, որուն համար բոլոր թուրքերը կ՛ըսեն, թէ կը սիրեն, նոյնիսկ եթէ կը նախընտրեն հոն այցելելու փոխարէն` երկու տարուան զինուորական ծառայութիւն ընեն Հաքարիի մէջ (բացի եթէ հոն պիտի երթան Ճիհատի կամ հալալ $$$ի համար):
Պաղեստին.– Ամէնէն ոչ թրքական թրքական ազգային խնդիրը:
Ռուսիա.– $$$$:
Աշխարհիկութիւն.– Միշտ բարկացած հանգստեան կոչուած կին մը, որ սպասուհիին վրայ կը պոռայ, որովհետեւ ան քուէարկած է ի նպաստ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱԲԿ), կամ` «լաւ իսլամ»ին, որ ամէն կողմ կը շրջի ծեծելու համար Ռամատանի ընթացքին ծխողները:
Ռազմավարական խորքի սկզբունք.– Խտութիւն` 600 էջ, խորք` 2 մատնաչափ:
Սուլթան.– Այն անձը, որ թուրքերը միշտ կը կարծեն, թէ իրենց վարչապետն է:
Սուրիա.– Սիրոյ եւ ատելութեան յարաբերութիւն:
Թել Աւիւ.– Ուր Կամալ Ապտել Նասերի զօրավարները խոստացան ճաշել 1967-ին:
Դաւաճան.– Ոեւէ անձ, որ ազգային բարքի հարցերուն մէջ ձեզմէ տարբեր կը մտածէ:
Թուրք-հայկական արձանագրութիւններ.– Տես` աղբաման:
Թրքական նաւատորմ.– Կազմակերպութիւն մը, որ ստեղծուած է, որպէսզի կիպրացիներուն արգելք հանդիսանայ քարիւղի համար հետախուզելու Միջերկրականը: Այս կազմակերպութեան գլխաւոր աղմկարար գործողութիւնները հրամանատարութիւնը կը ղեկավարէ իր բանտի խուցէն (տես` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցով նախարար Էկեմեն Պաղըշը):
Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւն.– Ազգային հպարտութիւն, բախտախաղ, $$ եւ «մինի հայրենիք»:
Ա.Օ.Ս.Ս.– «Առանց օդաչուի օդային սարքեր», կամ օդանաւ, որ թուրքերը կրնան թռցնել, բայց չեն կրնար գետին իջեցնել:
ՄԱԿ-ի բանաձեւեր իսրայէլեան բռնագրաւումի մասին.– Միջազգային օրէնք, որուն պէտք է ենթարկուիլ:
ՄԱԿ-ի բանաձեւեր` Կիպրոսի թրքական բռնագրաւումին մասին.– Միջազգային օրէնք, որ կարելի է անտեսել:
ՄԱԿ-ԱԽ.– Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան Ապահովութեան խորհուրդ, կամ մարմին մը, որ ամբողջ աշխարհը գերեվարած է (տես` վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հարցազրոյցը «Թայմ» շաբաթաթերթին հետ):
Միացեալ Նահանգներ.– Երկիրը, որուն համար բոլոր թուրքերը կ՛ըսեն, թէ կ՛ատեն, բայց ուր 15 վայրկեանէն պատրաստուելով կրնան արտագաղթել, եթէ իրենց առիթը տրուի:
Զերօ հարց` դրացիներու հետ քաղաքականութիւն.– Տես` մարտանաւերու քաղաքականութիւն:
ՊՈՒՐԱՔ ՊԵՔՏԻԼ
«Հիւրրիյէթ»

