ԻՐԱՆԵԱՆ «ԴԱՒԸ» ՅԱՌԱՋԱՑՈՒՑ ԱՆՊԱՏԱՍԽԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ
Իրան Միացեալ Նահանգներու ամբաստանութիւնները ծիծաղելի, անհիմն եւ շինծու կ՛անուանէ:
Կառավարութիւնը Իրանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանին յայտնած է իր բողոքը (Ուաշինկթըն եւ Թեհրան դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունին, այնպէս որ, Զուիցերիա կը ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներու շահերը Իրանի մէջ):
«Անկասկած ասիկա ամերիկեան-սիոնական դաւ մըն է հանրային կարծիքը շեղելու համար պրն. Օպամայի գօտեմարտի բռնուած տագնապներէն», ըսաւ իրանցի երեսփոխան Ալաաէտտին Պորուժերտի, «Ֆարս» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ:
«Ամերիկացիք կը ձգտին շեղել հանրային կարծիքը Ուոլ Սթրիթի ապստամբութենէն», աւելցուց ան:
Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ամբաստանութիւնը, պնդումը յստակ է. Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի թեւ մը 56-ամեայ ամերիկացի-իրանցի Մանսոր Արպապսիարին պատուիրած է թմրանիւթերու մեքսիքացի մաքսանենգ մը վարձել` սպաննելու համար Ուաշինկթընի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը:
Սպանութիւնը պիտի իրականացուէր Ուաշինկթընի մէջ, հաւանաբար երբ դեսպանը ճաշարանի մը մէջ կ՛ընթրէր:
ԶԳՈՒՇԱՒՈՐ ՄՕՏԵՑՈՒՄ
Էֆ. Պի. Այ.ի կողմէ դատարան ներկայացուած փաստաթուղթերը կ՛ըսեն, որ` «Արպապսիար կը գործէր իրանցի պաշտօնատարներու որոշակի հրահանգներով, ցուցմունքներով»:
«Արպապսիար խոստովանեցաւ, որ այս դաւադրութեան առնչութեամբ ինք զինուորագրուած, ֆինանսաւորուած եւ ուղղուած է մարդոց կողմէ, որոնք, ըստ իր հասկացողութեան, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ են Քուտսի ուժերուն (Երուսաղէմի ուժեր) մէջ», կ՛ըսէ Էֆ. Պի. Այ.:
Քուտսի ուժերը Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին մէկ զօրամասն են: Հզօր պահակագունդը ստեղծուած է 1979-ի յեղափոխութենէն ետք, պարտադրելու համար իսլամական օրէնքը:
Ատիկա դարձաւ Իրանի մէջ ամէնէն հզօր հաստատութիւնը` շուրջ 150 հազար պաշտօնեաներով: Ըստ մասնագէտներու, Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին մէջ Քուտսի ուժերը կազմուած են 5000 գործունեայ անդամներէ:
«Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ծածուկ, գաղտնապահ Քուտսի ուժերը մարզած եւ զինած են զիրենք փոխարինող խումբեր, ինչպիսիք են` Հըզպալլան, Համասը, Իրաքի շիի ապստամբները, եւ նոյնիսկ Թալեպանէն տարրեր», գրած է վերլուծաբան Ալիրեզա Նատեր` «Իրանեան այբբենարանը» գիրքին մէջ. ան կ՛աւելցնէ. «Որոշ փոխարինողներ արդէն օգտագործուած են թիրախ դարձնելու համար Միացեալ Նահանգներու եւ այլ արեւմտեան ուժեր` Լիբանանի, Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ»:
Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը մեղադրած է Քուտսի ուժերը Իրաքի մէջ ամերիկացի զինուորներուն դէմ օգտագործուող ականներն ու ռումբերը, ինչպէս նաեւ այս տարուան ընդդիմադիր ցոյցերը ճզմելու նպատակով Սուրիոյ կառավարութեան նիւթական, տարերային օգնութիւն տրամադրելու համար:
Սակայն Քուտսի ուժերը Միացեալ Նահանգներու մէջ թիրախներ չեն հետապնդած:
Այդ պատճառով Իրանի շատ դէտեր սկզբնապէս կը վարանին, կը տատամսին այն մեղադրանքին համար, թէ Քուտսի ուժերը կը ձգտէին ռմբային մեծ յարձակում մը իրականացնելու Ուաշինկթընի մէջ (նախորդ գործունէութիւններէն աւելի խիզախ գործողութիւն մը):
«Ես չեմ ըսեր, թէ ասիկա չպատահեցաւ, բայց մենք այս փուլին պէտք է զգուշութեամբ գործենք», կ՛ըսէ փրոֆ. Սքոթ Լուքաս, որ Պիրմինկհամ համալսարանին մէջ իրանեւամերիկեան հարցերու մասնագէտ է:
«Մենք գրեթէ տեղեկութիւն չունինք բողոքին մէջ նշուած անձին մասին: Տեղեկութիւն չունինք նաեւ ենթադրեալ բարձր մակարդակի մասնակցութեան մասին, որ կը պնդեն Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները», նկատել կու տայ ան:
ՈՉ ԱՐՀԵՍՏԱՎԱ՞ՐԺ, ԹԷ՞ ԱՆԽՈՀԵՄ
Դէտեր կը կեդրոնանան երկու հիմնական հարցումներու վրայ:
Նախ` ինչո՞ւ Քուտս Արպապսիարը պիտի օգտագործէ իբրեւ հիմնական գործակալ արարքի մը համար, որ կրնար ամէնէն յանդուգն գործողութիւնը ըլլալ իր պատմութեան մէջ:
Տեղեկագիրները կ՛ըսեն, թէ Արպապսիար ոճրային, քրէական արձանագրութիւն, յիշատակում ունի Թեքսասի մէջ գողութեան եւ ձերբակալութենէ խուսափելուն համար:
«Ես պիտի զարմանամ, եթէ Քուտսի ուժերը այսպիսի անվստահելի գործիչ մը ունենային իրենց գործողութիւններուն մէջ` նկատի առած անոր տուեալները», ըսաւ փրոֆ. Լուքաս:
Երկրորդ` ինչո՞ւ Քուտսի ուժերը պիտի հաւատային, թէ թմրեցուցիչի մեքսիքացի մաքսանենգ մը կրնար պատրաստ ըլլալ իրականացնելու ռմբային յարձակում մը, ականահարում մը` Ուաշինկթընի մէջ:
Թմրեցուցիչի մեքսիքական մաքսանենգութիւնը բազմամիլիառ տոլարնոց առեւտուր, գործարք մըն է, որ շահագրգռուած է ինքնապահպանումով: Յարաբերաբար փոքր գումարի` 1,5 միլիոն տոլարի համար Ուաշինկթընի մէջ մեծ յարձակում մը կատարելը կրնար յառաջացնել իրենց գետնին վրայ, Մեքսիքայի մէջ, ամերիկեան ուժերու գործողութիւն:
Կրնայ ըլլալ, որ Քուտսի ուժերը իրենց գործողութիւններու ծրագրաւորման մէջ աւելի ոչ արհեստավարժ կամ անխոհեմ են, քան նախապէս կ՛ենթադրուէր:
Բայց շատեր պատասխան պիտի ուզեն հետեւեալ պարզ հարցումին. Յեղափոխական պահակագունդի այս յատուկ թեւը ինչո՞ւ պիտի ուզէ կտրուկ փոփոխութեան ենթարկել իր գործելաոճը:
ՃԷՅՄՍ ՌԵՆՈԼՏԶ
«Պի. Պի. Սի.»




