ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏԸ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ Է

Չինաստանի մեծ պատը

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով չինական «Քսինհուա» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Չինաստանի պատը զայն շրջապատող օգտակար հանքերու արդիւնահանման տասնեակ օրինական եւ ապօրինի հանքերուն պատճառով վտանգուած է: «Կրէյթ Ուոլ Սոսայեթի» հասարակական կազմակերպութեան գործիչները այս առնչութեամբ բողոքի ալիք բարձրացուցած են:

Չինաստանի պատի երկարութիւնը 6400 քիլոմեթր է, անիկա 11 մարզերէ կ՛անցնի: Ամէն տարի միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներ պատ կ՛այցելեն: Սակայն զբօսաշրջային երթուղիներէն հեռու, օրինակ, Փեքինէն շուրջ 200 քիլոմեթր հարաւ` Հեպէյի մէջ պղինձի, երկաթի եւ նիքելի արդիւնահանումով զբաղող տասնեակ մը հանքեր կը վտանգեն դարեր շարունակ կանգուն մնացած պատը:

Որոշ հանքեր կը գտնուին պատէն շուրջ հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ, սակայն որովհետեւ հանքերու մեծ մասը օրինական են, պատի պաշտպանութեամբ հանդէս եկող գործիչները ոչինչ կրնան ընել:

Նշենք, որ Չինաստանի պատին աւելի քան 70 առ հարիւրը փլած է եւ միայն 20 առ հարիւրն է, որ կը գտնուի լաւ վիճակի մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES