ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ յայտարարեց, որ Թուրքիա յաւելեալ նաւ մը պիտի ուղարկէ Կիպրոսի ափերուն մօտ` քարիւղի եւ կազի պաշարներու հետազօտման համար: Ան նշեց, որ նաւը պիտի գործէ Միջերկրական ծովու 1100 քառակուսի քիլոմեթր տարածքի մը մէջ` աւելցնելով, որ թրքական «Փիրի Ռէյիս» նաւը իր աշխատանքը պիտի շարունակէ այդ նոր նաւուն աշխատանքին զուգահեռ: Թաներ յայտարարեց, որ Թուրքիա երրորդ նաւ մըն ալ ուղարկած է` Միջերկրականի մէջ ուժանիւթի հետազօտման համար: «Այսպիսով, վաղուընէ սկսեալ Միջերկրականի մէջ երեք նաւ պիտի ունենանք», եւ բնական կազի հետազօտման աշխատանքները «պիտի շարունակուին կղզիին հիւսիսը, հարաւը եւ մինչեւ իսկ արեւմուտքը»:
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ Միութեան ղեկավարները պասքերու ԷԹԱ անջատողական շարժումին` զինեալ պայքարի աւարտին մասին յայտարարութեան վերաբերեալ իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին: Անոնք Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած իրենց վեհաժողովէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշեցին, որ «այս հարցը անկասկած Սպանիոյ մէջ ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան համար յաղթանակ մըն է»: Եւրոպական Միութեան ղեկավարները ԷԹԱ-ն տկարացնելու իրենց աշխատանքին համար շնորհակալութիւն յայտնեցին Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ:
ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ դատախազութիւնը հետաքննութիւն կը կատարէ գերմանական «Հոքլըր անտ Քոխ» ընկերութեան կողմէ ապօրինի կերպով Մոամմար Քազզաֆիին զէնք ծախելու հարցին շուրջ: Շթութկարթի մէջ դատախազութիւնը հետաքննութիւն կը կատարէ գերմանական բանակին օգտագործած «Ճի.36» տիպի գնդացիրներու ապօրինի կերպով Լիպիա փոխադրութեան հարցին շուրջ: Լիպիոյ ըմբոստները այս տիպի մեծաթիւ զէնքեր գտած էին Քազզաֆիի Թրիփոլիի նստավայրին մէջ: «Տեր Շփիկըլ» պարբերաթերթը կը հաղորդէ, որ «Հոքլըր անտ Քոխ» ընկերութիւնը հաստատած է, որ Գերմանիոյ կառավարութեան արտօնութեամբ 608 գնդացիրներ եւ 500 փամփուշտ փոխանցած է Եգիպտոսի պաշտպանութեան նախարարութեան: Սակայն ոչ ոք գիտէ, թէ այդ զինամթերքը հետագային ինչպէ՛ս Լիպիա հասած է:

