ԴԵՍՊԱՆ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան 21 հոկտեմբերին այցելեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապի, որուն հետ քննարկեց կրթութեան մարզին մէջ Լիբանան-Հայաստան գործակցութիւնը խորացնելու եւ ընդլայնելու հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ բարձրաստիճան պատուիրակութիւններուն փոխադարձ այցելութիւններուն եւ կրթական միացեալ ծրագիրներուն իրականացման կարեւորութիւնը, կրթաթոշակներու փոխադարձ տրամադրումը, դասախօսներու եւ ուսանողներու փոխանակումն ու փոխադարձ օժանդակութեան ցուցաբերումը:
Նախարար Տիապ դեսպան Քոչարեանին յանձնեց Լիբանան այցելութեան հրաւէր մը, որ յղուած է Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանին:
CATEGORIES Լիբանանեան


