ԺՈՄՊԼԱԹ. «ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻԱ ՃԻԳ ՉԷ ԽՆԱՅԱԾ ԼԻԲԱՆԱՆԸ ՈՒՂՂԵԼՈՒ ԴԷՊԻ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆ»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա» օրաթերթին մէջ շաբաթական դրութեամբ լոյս տեսնող իր յօդուածին մէջ նկատել տուաւ, որ Սէուտական Արաբիա մնայուն կերպով զօրակցած է Լիբանանին եւ ճիգ չէ խնայած զայն մղելու դէպի ապահովական կայունութիւն:
«Ռիատ ամէն ջանք ի գործ դրած է Լիբանանը պատերազմներէ եւ լարուածութիւններէ հեռու պահելու, եւ անոր մեծ փաստը եղաւ, երբ ան լիբանանցիները համախմբեց Թաէֆի մէջ` ընդգծելով պատերազմը կասեցնելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւններուն, կայունութեան եւ խաղաղութեան վերադառնալու կարեւորութիւնը», շեշտեց ան:
Ժոմպլաթ նշեց, որ Սէուտական Արաբիան է, որ Թաէֆի համաձայնագիրին շրջագիծին մէջ առաջարկած է իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ հաւասարութեան պահպանման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ բոլոր լիբանանցիներէն նոյն հեռաւորութեան վրայ գտնուած է` բոլոր կացութիւններուն եւ պարագաներուն մէջ:
Ժոմպլաթ աւելցուց նաեւ, որ Սէուտական Արաբիա Լիբանանի նկատմամբ իր հետաքրքրութեան կողքին շարունակած է հետեւիլ արաբական եւ իսլամական դատերուն. ան նկատել տուաւ, որ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը ամբողջական հայեացք ունի յառաջիկայ հանգրուանին հետ վարուելու առումով:

