ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ – ՓԻԵԹՈՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը, որուն ընկերակցեցաւ դեսպանատան զինուորական կցորդ Ֆիլիփ Պիթրելը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներու բանակներուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:
Զօր. Քահուաժի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժորժ Քարաայի հետ: Քննարկուեցաւ Լիբանանի ապահովական իրավիճակը:
CATEGORIES Լիբանանեան
