ԶՕՐ. ԱՈՒՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔՈՆԵԼԼԻՆ

Դեսպան Քոնելլի եւ զօր. Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

Հանդիպումէն ետք ամերիկեան դեսպանատան կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Քոնելլի զօր. Աունի հետ քննարկած է Լիբանանի եւ Սուրիոյ քաղաքական ու ապահովական իրադարձութիւնները:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Քոնելլի հաստատած է, որ Ուաշինկթըն կարեւոր կը նկատէ, որ Սուրիոյ մէջ արձանագրուող միջադէպերէն Լիբանան չազդուի եւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ցնցումներ չվկայէ:

Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ ընդգծուեցաւ, որ հանդիպումին ընթացքին Քոնելլի շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը փափաքին Լիբանանը միջազգային իր բոլոր յանձնառութիւնները կատարելու նկատմամբ պատասխանատու եւ պատրաստակամ տեսնել` աւելցնելով, որ եթէ Լիբանան թերանայ իրեն յատուկ Միջազգային դատական ատեանին նկատմամբ իր պատասխանատուութիւններուն մէջ, ապա ատիկա կրնայ յանգիլ Լիբանանի դէմ որդեգրուելիք այլ պատժամիջոցներու:

«Քոնելլի ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES