ԴԵՍՊԱՆ ԱԼԻ ԱՅՑԵԼԵՑ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ սուրիական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ հանդիպումը եղած է առիթ մը` քննարկելու համար լիբանանեան – սուրիական եղբայրական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Պըրրիին ներկայացնելու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կողմէ իրագործուող բարեկարգումներն ու Սուրիոյ մէջ տիրող երկխօսութեան մթնոլորտը:
Պըրրիի այցելեց նաեւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր: Քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական բեմը եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը յուզող հարցերը:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահը Վանի շրջանը հարուածած երկրաշարժին առիթով ցաւակցագիրներ յղեց Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլին եւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին:


