ՍԵՆԵԿԱԼԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆ
Սենեկալի արտաքին գործոց նախարար Մատիքի Նիոնկ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն եւ լիբանանցի պետական ու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն հետ:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Նիոնկը ընդունեց Պաապտայի մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-սենեկալեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած գործակցութեան համաձայնագիրները վերանորոգելու կարելիութիւնը:
Նիոնկ նախագահ Սլէյմանի փոխանցեց Սենեկալի նախագահ Ապտալլա Ուատի ողջոյնները եւ յանձնեց Սենեկալ այցելութեան հրաւէր մը:
Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Նիոնկը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Սենեկալի դեսպան Ապտել Ահատ Մպաքիի:
Հանդիպումէն ետք Նիոնկ յայտնեց, որ Պըրրիի փոխանցած է Սենեկալի խորհրդարանի նախագահին ողջոյնները` աւելցնելով, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութեան աշխուժացման հեռանկարները:
Միւս կողմէ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Մատիքի Նիոնկը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Սենեկալի միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին Նիոնկ շեշտեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւններուն թարգմանութիւնը պէտք է կատարել գործակցութեան նոր համաձայնագիրներ ստորագրելով:
Նիոնկ դիտել տուաւ նաեւ, որ Միքաթի մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Սենեկալ, ուր պիտի ստորագրուին կարեւոր համաձայնագիրներ:
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց սենեկալցի իր պաշտօնակիցը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:
Նիոնկ շեշտեց Սենեկալի մէջ լիբանանեան գաղութին ունեցած դերակատարութեան կարեւորութիւնը` երկրին բարգաւաճման աշխատանքին մէջ, ինչպէս նաեւ Սենեկալ այցելութեան հրաւէր մը յանձնեց նախարար Մանսուրի:


