«ՀԸԶՊԱԼԼԱ ՊԻՏԻ ՄԵՐԺԷ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻՆ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՈՒՄԸ» ՇԵՇՏԵՑ ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱ

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլի գոյութիւնը ամբողջ շրջանին սպառնալիք է եւ ան ամբողջ շրջանին թշնամի կը նկատուի:

Սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ առաջադրուած Նոր Միջին Արեւելքի ծրագիրը, որ ձախողած էր շրջանին մէջ Դիմադրութեան եւ պայքարի շնորհիւ, այսօր վերստին յայտնուած է, որովհետեւ այդ ծրագիրը կը միտի շրջանը բաժնել եւ համայնքային ու ցեղային պետութիւններու մասնատել, ինչ որ դարձեալ սպառնալիք է շրջանին գոյատեւման:

Ան դիտել տուաւ, որ ամերիկացիները կը փորձեն սեփականացնել արաբական յեղափոխութիւնները եւ զանոնք պարպել իրենց իմաստէն:

«Հետեւաբար, շրջանին մէջ սիւննի մեծամասնութիւնը` ինչպէս փոքրամասնութիւնները, իր կարգին սպառնալիքի տակ է իսրայէլեան, ամերիկեան եւ ծայրայեղական արմատականներու ազդակներուն կողմէ: Ուրեմն մենք կարիքը ունինք իսլամ-քրիստոնեայ դաշինքի մը», նշեց սէյիտ Նասրալլա:

Շրջանին մէջ ամերիկեան միջամտութիւններուն ակնարկելով` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց, որ ամերիկեան ուժերը պարտուած դուրս կ՛ելլեն Իրաքէն: Ան աւելցուց, որ ամերիկացիները պատրաստ չեն պատերազմ սանձազերծելու` Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ իրենց կրած պարտութեան եւ տնտեսական առումով իրենց տկարութեան պատճառով:

Անդրադառնալով անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն թղթածրարին` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ այդ մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կայ, որուն կարելի է վստահիլ կամ զայն նկատի ունենալ իբրեւ հիմք. ան շեշտեց, որ լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը լուրջ աշխատանք կը տանի այս իմաստով:

Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ կատարուած գերիներու փոխանակման` զայն նկատելով պաղեստինեան դիմադրութեան կողմէ արձանագրուած զուտ շահ եւ յաղթանակ, որ կ՛ամրապնդէ Դիմադրութեան գործելաոճը, աշխատանքի եղանակին սկզբունքները, ինչպէս նաեւ կ՛ընդգծէ Դիմադրութեան մղած գոյատեւման պայքարի անհրաժեշտութիւնը:

Սուրիոյ մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ իրենք համաձայն չեն, որ Սուրիոյ մէջ դիմադրող եւ բարեկարգումի պատրաստակամ եղող վարչակարգը տապալի: Ան նկատել տուաւ, որ անհրաժեշտ է երկխօսութիւն կատարել` իրագործելու համար բարեկարգումները:

Իսկ Ուաշինկթընի պահանջը Սուրիոյ մէջ ժողովրդավարութեան իրականացումը չէ, այլ` Սուրիոյ դիմադրող վարչակարգին տապալումը:

Սուրիոյ վարչակարգին կեցուածքը դարձաւ Լիբանանի, Պաղեստինի եւ Իրաքի մէջ Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակին հիմնական ազդակը:

Սուրիոյ տագնապին անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Սուրիա մեծաւ մասամբ շրջանցած է այդ տագնապը. ան աւելցուց սակայն, որ վատագոյնը Սուրիոյ վրայ բանեցուող արտաքին ճնշումն է:

Սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ Լիպիան եւ Սուրիան տարբեր են իրարմէ` դիտել տալով, որ Միացեալ Նահանգներ կը վախնան Իսրայէլի վրայ` շրջանին մէջ պատերազմ բռնկելու պարագային:

«Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի մեր ընտրանքն էր եւ մենք չենք զղջացած այդ որոշումին համար: Միւս կողմէ, մեզի դաշնակից ուժերուն հետ մեր յարաբերութիւնները հեզասահ են:

Իսկ կառավարութիւնը Հըզպալլայի կառավարութիւն չէ, այլ` ան կ՛ընդգրկէ զանազան կեցուածքներ ու տեսակէտներ, որոնց գծով մնայուն խորհրդակցութիւններ կան», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ մէջ վարչակարգը տապալելու համար Լիբանանի վրայ յոյսեր կապող միջազգային ուժերը չարաչար կը սխալին:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ ներկայ կառավարութեան նստաշրջանին Լիբանանի ապահովակայն կայունութիւնը հաստատուն է, իսկ անձնական հարցերը պատահական են:

Ակնարկելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ յարաբերութիւններուն` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ այս երկուքը տարբեր քաղաքական ուժեր են: Ան ըսաւ, որ որոշ հարցերու շուրջ մենք համաձայն էինք երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ, իսկ այլ հարցերու շուրջ տարակարծիք էինք: «Սակայն մենք նախանձախնդիր ենք մեր միջեւ յարաբերութիւններուն եւ չենք նկատեր, որ Ժոմպլաթ իր քաղաքական ուղեգիծը փոփոխութեան ենթարկած է», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց նաեւ, որ Հըզպալլայի յարաբերութիւնները հանրապետութեան նախագահին հետ լաւ են. ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն քուէարկելու ի նպաստ Ժեհիթայի քարայրին, որովհետեւ ան իսկապէս հրաշալիք ըլլալու արժանի է:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը հաստատեց, որ կուսակցութիւնը հիւսիսային Լիբանանի մէջ ոչ ոք կը զինէ եւ ապահովական կղզիներ չի հիմներ` հերքելով այս առնչութեամբ շրջանառութեան մէջ դրուած բոլոր լուրերը:

Անդրադառնալով Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումին` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ այդ մէկը կ՛որոշուի կառավարութեան նիստին ընթացքին, եւ երբ այդ նիստին հասնինք, այն ժամանակ կարելի է քննարկել այդ հարցը:

«Բայց եւ այնպէս, Հըզպալլա այդ ատեանին ֆինանսաւորումը կը մերժէ, եւ եթէ ոմանք կը փափաքին զայն ֆինանսաւորել, ապա իրենց ուրոյն հաշիւէն կրնան ֆինանսաւորել այդ ատեանը», աւելցուց ան:

Սէյիտ Նասրալլա աւելցուց, որ «Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը մերժելու պարագային վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հրաժարականին մասին ոչ մէկ խորհրդակցութիւն կատարուած է ո՛չ իր կողմէ եւ ո՛չ ալ մեր կողմէ»: Ան նշեց, որ վարչապետ Միքաթի յանձնառութիւն չէ յայտնած Հըզպալլային` Միջազգային դատական ատեանը չֆինանսաւորելու առնչութեամբ:

Սէյիտ Նասրալլա եզրափակեց ըսելով, որ այս պայմաններուն ներքեւ Իսրայէլ ապագայ որեւէ պատերազմի արդիւնք չի կրնար երաշխաւորել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES