«ՄԱԿ-Ը ՊԷՏՔ Է ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄՆԱԼ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐԸ ԼՈՒԾՈՂ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ» ԸՆԴԳԾԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հաստատեց, որ ՄԱԿ պէտք է շարունակէ մնալ պետութիւններուն միջեւ տագնապները լուծող միջազգային հեղինակութիւնը, հակառակ այն իրողութեան, որ անոր խորհուրդներուն մէջ հսկայ բարեկարգումներ կատարելու կարիքը կայ:
ՄԱԿ-ի հիմնադրութեան միջազգային օրուան առիթով նախագահ Սլէյման նշեց, որ խաղաղութիւնը պահպանած եւ վայրագութիւններ կասեցուցած միջազգային այս հաստատութիւնը պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնէ արդարութեան հիման վրայ խաղաղութիւններ հաստատելու` զանց առնելով երկու չափ` երկու կշիռի քաղաքականութիւնը:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Նախագահական պալատին այցելուներէն եղաւ նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել, որ նախագահ Սլէյմանի փոխանցեց Ֆրանսա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ցաւակցագիր մը յղեց Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլին` Վանի երկրաշարժին արձանագրած մարդկային վնասներուն համար:


