ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ, ՈՐ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԸ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄԻ ՀԻՄՔՆ Է
Ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, երէկ առաւօտեան «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ բացումը կատարուեցաւ Արաբական դատարաններու եւ սահմանադրական խորհուրդներու 2011-ի խորհրդաժողովին:
Խորհրդաժողովին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց Սահմանադրական դատարանին անհրաժեշտութիւնը` իբրեւ հեղինակութիւն երկրի մը օրէնսդրութեան եւ սահմանադրութեան:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ դատական իշխանութիւններուն դերակատարութիւնը կ՛ամբողջանայ հանրապետութեան նախագահին դերակատարութեամբ` նկատի ունենալով, որ ան է երկրին սահմանադրութեան գործադրութեան հսկողը:
Նախագահ Սլէյման նշեց, որ սահմանադրական արդարութիւնը արդի պետութիւն մը կերտելու հիմնասիւնը կը նկատուի:
Հանրապետութեան նախագահը դիտել տուաւ նաեւ, որ անհրաժեշտ է սահմանադրութիւնը բարեփոխումի ենթարկել` աւելցնելով, որ որեւէ բարեկարգումի հիմքը սահմանադրութիւնը կը նկատուի:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց նաեւ ընտրական օրէնքի կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ այդ օրէնքը պէտք է արդար եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովէ ժողովուրդին, վերանորոգէ երկրին քաղաքական կեանքը, աշխուժացնէ երկրին պետական հաստատութիւնները եւ աւելի զարգացնէ Լիբանանի որդեգրած ժողովրդավարութիւնը:


