ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՕՐԱԿԱՐԳԷՆ ԴՈՒՐՍ ՀԱՆԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ԼԻԱԶՕՐՈՒԹԵԱՆՑ ՄԱՍ ՉԻ ԿԱԶՄԵՐ
Երէկ սկսան Հայաստանի Ազգային ժողովի հերթական քառօրեայ նիստերը. երէկուան նիստին ներկայ գտնուեցան 81 պատգամաւորներ:
Օրակարգի հաստատման ընթացքին Ժառանգութիւն կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Ստեփան Սաֆարեան բարձրացուց «աւանդական» հարցը` Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւնները օրակարգէն հանելու մասին:
Ան նշեց, որ ապրիլ 24-ը կը մօտենայ, եւ Թուրքիա նոյնիսկ սառեցուած արձանագրութիւններէն իր օգուտները կը քաղէ: Ստեփան Սաֆարեան նշեց, որ այս արձանագրութիւնները կը շարունակեն հարուած հասցնել Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան եւ ազգային անվտանգութեան:
Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան կրկնեց նախորդ քառօրեայի ընթացքին ըսածը, որ խնդիրը կը գտնուի նախագահ Սերժ Սարգսեանի լիազօրութիւններուն ծիրին մէջ եւ ինք համոզուած է, որ ան ժամանակի ընթացքին այդ խնդիրին լուծում պիտի տայ: Ըստ Յ. Աբրահամեանի, այդ հարցը Ազգային ժողովի լիազօրութիւններուն մաս չի կազմեր:


