«ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԳԻՐՔ ԿԸ ՀՐԱՏԱՐԱԿԷ

Մարիա Թիթիզեան

«Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամին ջանքերով շուտով լոյս պիտի տեսնէ «Սոցիալական բարեփոխումները Հայաստանում» աշխատութիւնը:

Անիկա պիտի ներառէ առողջապահութեան յառաջիկայ 20 տարիներու ռազմավարութեան, բնակչութեան զբաղուածութեան խնդիրներուն, բնակարանային ֆոնտի նոր հայեցակարգին առնչուող հարցեր:

«Առողջապահութիւնը պետութեան առաջնային ուղղութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ` մատչելի եւ հասանելի ըլլալով բնակչութեան բոլոր խաւերուն համար: Միջին դասակարգի մարդը պէտք է կարելիութիւն ունենայ բարձրակարգ եւ մատչելի առողջապահութիւն ունենալու», յայտնեց հիմնադրամի տնօրէն Մարիա Թիթիզեան:

Ան նշեց, որ աշխատութիւնը պիտի թարգմանուի նաեւ անգլերէնի, իսկ 8 նոյեմբերին պիտի կազմակերպուի համաժողով, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նաեւ գիրքի շնորհահանդէսը:

Կը նախատեսուի նման երեք գիրքեր եւս պատրաստել` ուղղուած գիւղատնտեսութեան, հանքարդիւնաբերութեան եւ կրթութեան ոլորտներուն:

Մարիա Թիթիզեանի համաձայն, այս աշխատութիւնը հետաքրքրական է նաեւ անոր համար, որ ունի յստակ ընկերային ուղղուածութիւն: Անիկա կրնայ իբրեւ ուղեցոյց ծառայել նաեւ պետութեան համար. իշխանութիւնը պէտք է պարզապէս վերցնէ գիրքին մէջ ներկայացուած նիւթերէն իւրաքանչիւրը եւ իր քաղաքականութիւնը մշակէ անոր հիման վրայ:

«Մեր սահմանադրութիւնը կ՛ըսէ, որ մենք ընկերային պետութիւն ենք, ուրեմն մենք իսկապէս պէտք է ձգտինք այնպիսի պետութիւն կերտել, որ իւրաքանչիւր քաղաքացի կարենայ ինքզինք պաշտպանուած զգալ պետութեան կողմէ ու իր հայեացքը չուղղէ դէպի արտասահման ու իր ապագան որոնէ արտերկրի մէջ: Այսօր ես համոզուած եմ, որ եթէ մեր քաղաքացիները պետութեան հոգատարութիւնը զգան, որ արդարութիւն ըլլայ, հեռացողները այսքան շատ չեն ըլլար», ըսաւ Թիթիզեան:

Ան, սակայն, չի կարծեր, թէ այս նախաձեռնութեան շնորհիւ պատկերը մէկ անգամէն պիտի փոխուի, եւ ակնթարթօրէն շօշափելի արդիւնքներ պիտի ըլլան:

«Բայց կը կարծեմ` ասիկա կրնայ կաթիլ մը աւելցնել մեր հասարակութեան գիտակցութեան մէջ, այսպիսով` տարբեր գաղափարներ պիտի փոխանցենք եւ այնուհետեւ միայն պիտի սպասենք փոփոխութիւններու: Եթէ հաւաքական կամք ցուցաբերենք, պիտի կարենանք որեւէ բան փոխել մեր երկրին մէջ», յոյսով է հիմնադրամի տնօրէնը:

«Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամը  հրատարակած է այլ աշխատասիրութիւններ եւս, որոնցմով փորձ կը կատարուի բացատրելու, թէ ի՛նչ նկատի ունի ՀՅԴ-ն` ըսելով «ընկերային պետութիւն» կամ «ընկերային ժողովրդավարութիւն»:

 

Share this Article
CATEGORIES