ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԿԸ ԾԱՆՕԹԱՆԱՅ ՇԱՀՈՒՄԵԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՈՂ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան նախանցեալ օր այցելեց Շահումեանի շրջան եւ ծանօթացաւ այնտեղ իրականացուող աշխատանքներուն:
Նախագահը ընդգծեց արդէն իսկ սկսած Սոտք-Քարվաճառ մայրուղիի կառուցման կարեւորութիւնը` զայն նկատելով Արցախի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ծրագիրներէն մէկը, որ պէտք է իրականացուի բարձր որակով եւ սահմանուած ժամկէտներուն մէջ:
Նախագահ Սահակեան նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ շրջանի շարք մը համայնքներուն մէջ եւ քննարկեց այնտեղ գոյութիւն ունեցող խնդիրները:
Նախագահին կ՛ուղեկցէին վարչապետ Արա Յարութիւնեան, Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:
CATEGORIES Հայկական


