ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴՐԱՆՔՈՎ ՊԻՏԻ ԴԻՄԷ ՆԱԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ

Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Վանի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին առնչութեամբ ժողովուրդին դիմելով` քաղաքացիներուն կոչ ուղղած է չվերադառնալու երկրաշարժին պատճառով աւերուած տուները եւ վստահեցուցած, որ աղէտի հետեւանքները կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ պիտի վերցուին:

«Ինչպէս մենք նախապէս տեղի ունեցած երկրաշարժէն ետք կրցանք ոտքի կանգնիլ, այս անգամ եւս պիտի կարենանք: Մենք երկրաշարժէն վնասուածներուն օգնելու համար կարելին կ՛ընենք: Այս ցուրտ ձմրան ընթացքին մենք մեր քաղաքացիները մինակ պիտի չձգենք», ըսած է Էրտողան:

Ընդգծելով, որ բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ, որոնց շարքին` Հայաստանի նախագահը, կ՛ուզեն Թուրքիոյ օգնութեան ձեռք երկարել, Էրտողան շնորհակալութիւն յայտնած է անոնց եւ ըսած, որ անհրաժեշտութեան պարագային օգնութեան խնդրանքով անոնց պիտի դիմէ:

«Մեր ցաւը կիսողներ կան: Ես շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այդ երկիրներու նախագահներուն, կառավարութեանց ղեկավարներուն: Ներկայիս Ազրպէյճանը տրամադրած է փրկարարներու մեծ խումբ մը, զոր ուղարկած ենք աղէտի գօտի: Նոյն ձեւով մեզի աջակցելու իրենց փափաքին մասին յայտնած են Հայաստանը, Միացեալ Նահանգները, Գերմանիան, Պուլկարիան, Չինաստանը, Դանիան, Վրաստանը, Բրիտանիան, Իրանը, Զուիցերիան, Իսրայէլը, Ճափոնը, Քանատան, Քորէան, Հունգարիան, Փաքիստանը, Լեհաստանը, Ռուսիան, Ուքրանիան, Յունաստանը, Եւրոպական Միութիւնը, ՕԹԱՆ-ը», ըսած է Թուրքիոյ վարչապետը` աւելցնելով, որ «անհրաժեշտութեան պարագային մենք օգնութեան խնդրանքով պիտի դիմենք այդ պետութիւններուն: Սակայն ներկայ պահուս, եթէ չեմ սխալիր, մենք ընդունած ենք միայն Ազրպէյճանէն, Իրանէն եւ Պուլկարիայէն եկած օգնութիւնը: Ամէն պարագայի, անձամբ իմ եւ թուրք ժողովուրդին անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր այն պետութիւններուն, որոնք մեզի օգնելու փափաք յայտնած են»:

Յայտնենք, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Մոսկուայէն ցաւակցական հեռագիր մը յղած էր Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլին` Թուրքիոյ տարածքին տեղի ունեցած երկրաշարժին հարցով, եւ Հայաստանի օգնութիւնը առաջարկած էր:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Անգարա» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած է, որ իր երկիրը բազմաթիւ երկիրներէ Թուրքիոյ օժանդակելու առաջարկներ ստացած է, սակայն բոլորն ալ մերժած է: Ան նշեց, որ Էրտողան նաեւ երկրաշարժի հետքերը վերցնելու իսրայէլեան առաջարկ մը ստացած է, սակայն մերժած է զայն:

 

Share this Article
CATEGORIES