ՍԱՐԳՍԵԱՆ – ՄԵՏՎԵՏԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ. «ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԱՐՑԻ ԱՐԴԱՐ ԼՈՒԾՄԱՆ ԿԱՐԵԼԻ Է ՀԱՍՆԻԼ ՄԻԱՅՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՃԱՄԲՈՎ» Կ՛ԸՍԷ ՌՈՒՍԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Հայկական եւ ռուսական պատուիրակութիւններու ընդարձակ հանդիպումէն պահ մը

Պետական այցելութեամբ Ռուսիա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելեց Մ. Լոմոնոսովի անուան Մոսկուայի պետական համալսարան, ուր հանդիպում ունեցաւ համալսարանի ուսանողութեան եւ դասախօսական կազմին հետ:

Նախագահը համալսարանականներուն առջեւ ելոյթ մը ունեցաւ եւ պատասխանեց զանոնք հետաքրքրող հարցումներուն:

Մոսկուայի պետական համալսարանի գիտական խորհուրդի որոշման համաձայն, նախագահ Սերժ Սարգսեանին շնորհուեցաւ համալսարանի Պատուաւոր դասախօսի կոչում: Նախաձեռնութեան ժամանակ համալսարանի նախագահ ակադեմիկոս Վիքթոր Սատովնիչին կոչումը շնորհելու մասին վկայականը եւ մետալը յանձնեց նախագահ Սերժ Սարգսեանին:

Հանդիպումէն ետք նախագահ Սարգսեան այցելեց Անյայտ զինուորի յուշարձան եւ յարգանքի տուրք մատուցեց ծաղկեպսակ զետեղելով յուշարձանին վրայ:

Անկէ ետք Քրեմլինի Մեծ պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Տմիթրի Մետվետեւի դռնփակ հանդիպումը, որուն յաջորդեց երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ ընդլայնուած կազմով հանդիպումը եւ ստորագրուեցան շարք մը փաստաթուղթեր:

Բանակցութիւններու ընդմիջումին ընթացքին նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Տմիթրի Մետվետեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցան Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի հետ: Երկու երկիրներու ղեկավարները անկեղծ ցաւակցութեան խօսքեր եւ աջակցութիւն յայտնեցին Թուրքիոյ նախագահին` Վանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին առիթով: Նախագահ Սերժ Սարգսեան անգամ մը եւս հաստատեց Թուրքիոյ անհրաժեշտ օգնութիւնը ցուցաբերելու պատրաստակամութիւնը: Նախագահ Կիւլ շնորհակալութիւն յայտնեց Սերժ Սարգսեանին ցուցաբերած համերաշխութեան համար:

Այնուհետեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ երէկ Մոսկուայի մէջ յայտարարեց, որ ղարաբաղեան խնդիրի արդար լուծման կարելի է հասնիլ միայն քաղաքական ճամբով: Ան նշեց, որ վերջին տարիներուն այդ ուղղութեամբ քիչ բան չէ կատարուած, ներառեալ` Ռուսիոյ մասնակցութեամբ:

Մետվետեւ յայտարարեց, որ անհրաժեշտ է նաեւ նպաստել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գործունէութեան, մասնաւորաբար Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն ուղիղ հանդիպումներուն կազմակերպման առումով:

Ռուսիա այցելութեան ծիրին մէջ երէկ աւելի ուշ նախագահ Սարգսեան Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ նորակառոյց համալիրի կառուցման օժանդակած բարերարներուն հետ:

Նշելով, որ հայ-ռուսական ռազմավարական համագործակցութիւնը կառուցուած է պատմական ամուր հիմքի վրայ եւ աշխուժօրէն կը զարգանայ երկու երկիրներու շահերուն համապատասխան, նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, որ ատիկա ուղղուած է դէպի ապագան եւ փոխադարձաբար օգտակար է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ժողովուրդներուն համար: Նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ հայ-ռուսական բազմաբնոյթ յարաբերութիւններուն լայնածաւալ համակարգին մէջ ամէնէն կարեւոր դերակատարներու շարքին մէջ կարելի չէ անտեսել ռուսահայ համայնքին կատարած եւ շարունակաբար կատարուող ներդրումը: Ըստ անոր, պատահական չէ, որ Ռուսիա Հայաստանի յառաջատար գործընկերն է առեւտուրի մարզին մէջ, իսկ Ռուսիոյ գործարարները` Հայաստանի տնտեսութեան մէջ հիմնական ներդրողները: Այդ տպաւորիչ ցուցանիշներուն եւ յաջողութիւններուն հիմնական շարժիչ ուժերէն են ռուսահայերը:

Նախագահը իր խօսքին մէջ նշեց, որ Մոսկուայի նորակերտ տաճարը` Ս. Խաչը, իր օրհնութիւնը կը բերէ ոչ միայն ռուսահայութեան, այլեւ Ռուսիոյ հայ համայնքին տուն դարձած Մոսկուային:

Նախագահը իր եւ Հայաստանի ժողովուրդին անունով խորին շնորհակալութիւն յայտնեց ռուսահայ համայնքին` նշելով, որ իր մարդկային ներուժով, հաւաքական գոյութեամբ եւ անսպառ աշխուժութեամբ, համայնքը կարեւոր եւ անփոխարինելի է Հայաստանի համար:

 

Share this Article
CATEGORIES