«ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԱՐԴԻՒՆՔ Է» Կ՛ԸՍԷ ՊԵՌՆԱՐ ՖԱՍԻԷ

Պեռնար Ֆասիէ

Ըստ ռուսական «Ռեկնում» լրատու գործակալութեան Ստեփանակերտի թղթակիցին, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ 22 հոկտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յայտարարած է, որ «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը կրնայ լուծուիլ միայն խաղաղ ճամբով, իսկ մեր նպատակը վերջնական լուծման համար պայմաններ ստեղծելն է»:

«Երբ մարդիկ կը խօսին պատերազմի եւ ուժի միջոցով տագնապին լուծման մասին, ապա ատիկա չի նպաստեր քննարկումներուն համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծման», ըսած է ֆրանսացի համանախագահը եւ աւելցուցած, որ ստեղծուած իրավիճակը ինքնին զինուորական նախայարձակումի արդիւնք է: Ան նաեւ բանակցութիւններու շարունակման անհրաժեշտութիւնը ընդգծած է:

Share this Article
CATEGORIES