ՌՈՒՍԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՄՈՎՍԻՍԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ՔՐԱՍՆՈՏԱՐԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈԼԸ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 28-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջազգային յառաջապահ Եուրա Մովսիսեանի կազմը` Քրասնոտար, 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նիժնի Նովկորոտ Վոլքան:
Մինչ արդիւնքը կ՛ընթանար 1-0 արդիւնքով, կորսուած վայրկեաններուն Մովսիսեան նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին երկրորդ կոլը:
28-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Քրասնոտար 38 կէտով կը գրաւէ 9-րդ դիրքը:
CATEGORIES Մարզական

