ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԵՒ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂԷՏՆԵՐ. ՉԵՌՆՈՊԻԼ` ԻՄ ՆԱԽՆԱԴԱՐԵԱՆ, ԶԵՂՈՒՆ, ՇՈՂԱՎԱՐԱԿՈՒԱԾ ԵԴԵՄՍ

ՄԻՆՉ ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵԴՐՈՆԱՑԱԾ Է ՃԱՓՈՆԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻՆ ՊԱՏՃԱՌԱԾ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ՊԱՅԹՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՇՈՂԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԱՀԱՍՓԻՒՌ ՎՏԱՆԳՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ, ԱՆԴԻՆ` ԳՐԵԹԷ ՄՈՌՑՈՒԱԾ ԷՐ, ԹԷ ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՈՒՔՐԱՆԻԱՆ ՊԱՏՈՒՀԱՍԱԾ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ԱՂԷՏԷՆ ԱՆՑԱԾ Է 25 ՏԱՐԻ: ԻՆՉՊԻՍԻ՞ ԿԵԱՆՔ ՄԸ ԿԸ ՍԿՍԻ ՆՄԱՆ ԿՈՐԾԱՆԱՐԱՐԱՐ ԱՂԷՏԷ ՄԸ ԵՏՔ: ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 60 ՀԱԶԱՐ ՀՈԳԻ ՀԵՌԱՑԱԾ Է ՉԵՌՆՈՊԻԼԻ ԱՐԳԻԼԵԱԼ ԱՅՆ ԳՕՏԻԷՆ, ՈՐ ՄԱՀՈՒԱՆ ԵՒ ՏԽԵՂԾ ԾՆՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ՀՈՄԱՆԻՇ ԷՐ ԵՐԿԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿ, ԵՒ ՈՐ ԱՅԺՄ ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑՈՒՄ ՄԸ Կ՛ԱՊՐԻ: ՀԵՆՐԻ ՇԱՔՄԱՆ outsideonline.com ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ԳՐԷ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱՄԷՆԷՆ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՎԱՅՐԻ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԱՍԻՆ, ՈՐ ՅԵՏ ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԻ ՅԱՅՏՆՈՒԱԾ ԿԱԽԱՐԴԱԿԱՆ ԱՆՏԱՌ ՄԸՆ Է, ՈՒՐԿԷ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ՇՈՒՏՈՎ ԿՐՆԱՆ ԾՆՈՒՆԴ ԱՌՆԵԼ ԲՈԼՈՐՈՎԻՆ ՆՈՐ ԱՆԱՍՆԱՏԵՍԱԿՆԵՐ ԵՒ ԲՈՒՍԱՏԵՍԱԿՆԵՐ: ՇՈՂԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ՀԱՄԵՄԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ՉԱՓՈՂ ՈՐԾԻՔՈՎ ՄԸ ԶԻՆՈՒԱԾ` ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐԸ ՀԵՏԱԶՕՏԱԾ Է ԱՅՍ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔԸ: ՍՏՈՐԵՒ` ԱՆՈՐ ԳՐԱՒԻՉ ԳՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՍԸ, ՈՒՐ ԱՆ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԶԱՐՄԱՆԱՀՐԱՇ ԿԵՐՊԱՐԱՆԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ: ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՍԸ, ՈՐՈՒՆ ՄԷՋ ԱՆ ԿԵՆԴԱՆԻ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐՈՎ ԿԸ ՊԱՏՄԷ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԲՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ԶԳՈՒՇԱՒՈՐ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻՆ ՄԱՍԻՆ ԵՒ ԿԸ ԿԵԴՐՈՆԱՆԱՅ ԳԻՏԱԿԱՆ ՄՌԱՅԼ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ, ՏԵՍՆԵԼ` ՈՒՐԲԱԹ 25 ՄԱՐՏԻ ԹԻՒՈՎ:

Լքուած կարուսել մը` Փրիփիաթի մեռելաքաղաքին զբօսայգիին մէջ:

Վայրի վարազը կանգնած է 30-35 մ հեռու, կանաչ խոտով ծածկուած գետափին եւ շեշտակի կը դիտէ զիս: Նոյնիսկ այս հեռաւորութենէն կը տեսնեմ անոր չափազանց երկար դունչը, հսկայական եւ սրածայր ականջները եւ կռնակին ցցուն ստեւները: Դեղնաւուն-մոխրագոյն կրծող անասունի կը նմանի, եւ շատ աւելի բարձր է անոր հասակը, քան ինչ որ կը կարծէի. հաւանաբար կը հասնի մինչեւ տղամարդու մը կուրծքը: Կը յիշեցնէ անտառներու աստուած մը, որ վայրի աչքերը սեւեռած է մարդկային կերպարանքի մը վրայ: Պահ մը կը մտածէ յարձակիլ վրաս, ապա կը հրաժարի: Երբ կը հեռանայ, կը շարժի զօրեղ ուժով եւ հեզասահ, ջղուտ ոտքերով, եւ կ՛անհետանայ ծառերուն մէջ:

 

Փշաքաղուած` կը վերադառնամ մեր փոխադրակառքը: Տեսարանը ինքնին խօսուն է. կը գտնուիմ տեղ մը, որ ճանչցուած է իբրեւ Եւրոպայի ամէնէն հսկայական վայրի բնութեան պահպանուած տարածքը, եւ` յուլիսին, երբ գիտեմ, թէ այնքան ալ դիւրին չէ անասուններու հանդիպիլ (ձմրան, երբ ուտելիքն ու կանաչ խոտը դժուար գտանելի են, անասունները աւելի տեսանելի կը դառնան): Եւ ահա, քանի մը ժամուան մէջ արդէն տեսած եմ վայրի վարազ մը: Թերեւս բախտաւոր եմ:

Սակայն բախտը վայրի բնութեան մէջ կեանքի հետքեր նշմարելու միակ գործօնը չէ: Ասիկա հիւսիսային Ուքրանիոյ Չեռնոպիլի արգիլեալ գօտին է, հսկայական տարածութիւն մը, որուն լայնքը երբեմն կը հասնի շուրջ 1000 քմ.ի եւ ուր մարդկային բնակութիւնը արգիլուած է 1986-էն ի վեր: Նոյնիսկ այսօր, Խորհրդային Միութեան քայքայումէն 19 տարի ետք, ոչ մէկ բան կարելի է իրականացնել նախկին խորհրդային այս հանրապետութեան մէջ` առանց ապահովելու աւելի քան 5 անգամ կնքուած պաշտօնաթուղթեր: Ամիսներ շարունակ ե-նամակներ յղելէ եւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունենալէ ետք միայն կարելի եղաւ արտօնութիւն ստանալ` քանի մը օր այստեղ անցընելու համար: Ճիշդ է, մենք քանի մը օտար թափառաշրջիկներ ենք, սակայն ունինք լուսանկարչական գործիքներ եւ գիրկի համակարգիչներ, հետեւաբար, յայտնապէս լրտեսներ ենք: Թերեւս Խորհրդային Միութիւնը քայքայուած է, սակայն խորհրդային մտածելակերպը չէ քայքայուած:

Չեռնոպիլի կեդրոնը շարժական ընդունարան մըն է` հին քաղաքին սրտին մէջ: Շուրջ 20 սմ. հաստութեամբ տրցակ մը հրայվնա (ուքրանական դրամանիշ) վճարեցի, համաձայնութիւններ ստորագրեցի, ստացագիրներ առի, շողարձակումի համեմատութիւնը չափող գործիքով մը քննութեան ենթարկուեցայ եւ, ի վերջոյ, ուղեցոյցի մը, վարորդի մը եւ թարգմանի մը ընկերակցութեամբ արգիլեալ գօտին շրջելու ազատութիւնը կը վայելէի, այնքան ատեն որ տառացիօրէն կը կիրարկէի մեր ուղեցոյցին ըսածները:

ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Շողավարակ փոխադրակառքեր եւ ուղղաթիռ մը, որոնք Չեռնոպիլի հիւլէական կայանին վրայ թանձրաձոյլ շաղախ եւ ջուր թափած են` 1986-ի պայթումէն ետք:

Քանի մը ճամբաներ կը կտրեն արգիլեալ գօտին, որ կիսով ծածկուած է տատասկներով եւ խոտերով, իսկ ամբողջ շրջանը լեցուն է շողարձակումի խտացեալ կէտերով: Սակայն կը թուի, թէ բնութիւնը անտարբեր է այս բոլորին: Կը թուի, թէ անիկա գոհ է, որ մարդիկ մեծ մասամբ հեռացած են` իրենց ընտանի անասուններուն հետ միասին: Արգիլեալ գօտին վերածուած է հսկայական եւ չընտելացուած անտառի մը: Կը թուի, թէ ասիկա բնութեան կողմէ արձանագրուած յաջողութեան հրաշալի պատմութիւն մըն է. վերցուցէք մարդիկը, եւ բնութիւնը անմիջապէս կը վերագտնէ ինքզինք: Եւրոպայի տարածքին միջնադարէն ի վեր չտեսնուած ստնաւորներու պատմութիւններով հմայուած` կը սկսինք մեր հիւլէական ուղեւորութեան:

 

Առաւօտեան ժամը 1:00-ն էր, 1986-ի ապրիլ 26-ի գիշերը, երբ սկիզբ առաւ աշխարհի յոռեգոյն մղձաւանջներէն մէկը. պայթեցաւ Չեռնոպիլի հսկայական հիւլէական կայանին ելեկտրական հոսանք արտադրող չորրորդ հնոցը: Պատճառները տակաւին տարակարծութեան նիւթ են: Սակայն քանի մը ազդակներ դերակատար էին. կեդրոնին ելեկտրականութեան մակարդակը հակակշիռի տակ պահող ճաղերու սխալ ձեւագծում մը, անփորձ ճարտարագէտներէ բաղկացած պաշտօնէութիւն մը, քննութիւն մը, որ կը պահանջէր անջատել կեդրոնին ելեկտրականութիւնը, ինչպէս նաեւ` խորհրդային ժամանակներու բնորոշ յամառ պատասխանատու մը, որ կը մերժէր ընդունիլ, թէ մեծ սխալ մը կրնար պատահիլ: Ամէն պարագայի, ինչ որ պատահեցաւ, ահաւոր էր: Պողպատի 365 հազար խորանարդներ փոփքոռնի նման արտանետուեցան բոլոր ուղղութիւններով: Կեդրոնին հազար թոն ծանրութեամբ ծածկոյթը բացուեցաւ, կարմրաւուն լոյսի հոսք մը սկսաւ փայլիլ գիշերուան երկնակամարին վրայ` ստեղծելով ելեկտրականացած օդի այնպիսի գեղեցիկ հոսանք մը, որ մօտակայ Փրիփիաթ քաղաքէն բնակիչներ դուրս եկան իրենց բնակարաններէն` դիտելու համար զայն: Երբ ամէն ինչ վերջ գտաւ, շողարձակումին համեմատութիւնը Հիրոշիմայի շողարձակումին տասնապատիկն էր:

Չեռնոպիլ մեծ մասամբ խաղաղ բնակավայր մը եղած էր շուրջ 1000 տարի եւ վերջին 3 դարերուն` մեծ մասամբ հրէական գիւղաւան մը, որ հռչակաւոր էր իր հասիտեան փիլիսոփաներով: Ռուսական յեղափոխութենէն ետք հրեաներուն թիւը շատ նուազած էր: Սակայն նոյնիսկ մինչեւ այսօր կը գոյատեւեն հասիտեան երկու սրբավայրեր, ուր ջերմեռանդ հաւատացեալներ մոմ կը վառեն եւ կ՛աղօթեն: Անհաւատալի է պատկերացնել, թէ ինչպիսի բաներ կը գոյատեւեն աղէտէ մը ետք:

Գիւղաւանէն 15 քմ հեռու 1970-ին Խորհրդային Միութիւնը սկսած էր կառուցել Եւրոպայի ամէնէն հսկայական հիւլէական կայանը (ծրագրուած հիւլէական ելեկտրականութիւն արտադրող 8 հնոցներէն միայն 4-ին կառուցումը աւարտած էր, երբ աղէտը պատահեցաւ): Կայանին կողքին կառուցուեցաւ ամբողջութեամբ նոր թանձրաձոյլ քաղաք մը` Փրիփիաթը, որուն 50 հազար բնակիչները թիւով մեծապէս գերազանցած էին Չեռնոպիլի 12 հազար բնակչութիւնը: Հիւլէական ճարտարարուեստը մաս կը կազմէր զինուորական համակարգին, եւ խորհրդային ժամանակներու գաղտնապահութեան աւանդական մշակոյթը տարածուած էր անոր վրայ: Շողարձակումը ինքնին վատ բան մըն է: Սակայն, երբ անոր վրայ կ՛աւելնան խորհրդային ժամանակներու հպարտութիւնն ու հալածախտը, կ՛ունենանք Քաֆքայի եւ Ռէյ Պրետպըրիի պայթուցիկ խառնուրդ մը:

Այնուհետեւ Չեռնոպիլի մասին առաջին տեղեկութիւնը կու գար երկու օր ետք 1600 քմ անդին շուէտական ելեկտրակայանի մը մէջ աշխատողներու տեղեկագիրներէն, որոնք իրենք զիրենք քննած էին շողավարակումի համեմատութիւնը չափող գործիքներով, եւ ի յայտ եկած էր, թէ շողավարակումի շատ բարձր համեմատութիւններ կը կրէին: Յաջորդ օրը, 29 ապրիլին, հովերը շողավարակ ամպեր տարածած էին ամբողջ Եւրոպայի եւ Սկանտինաւիոյ վրայ: «Տը Նիւ Եորք Թայմզ» իր առաջին էջով կը գրէր աղէտին մասին: Նոյն օրը խորհրդային «Փրաւտա» թերթը երրորդ էջով 8 տող կը յատկացնէր «արկածին»: Միայն երեք շաբաթ ետք, մայիս 15-ին էր, որ Խորհրդային Միութեան առաջին քարտուղար Միխայիլ Գորբաչով ի վերջոյ պիտի յայտարարէր, թէ ի՛նչ պատահած էր:

Պայթումին գիշերը կամ անմիջապէս ետք 30 հոգի մեռան: Երկու օր ետք 1100 պասերով տեղափոխուեցաւ Փրիփիաթի ամբողջ բնակչութիւնը` մէկ գիշերուան մէջ գիւղաւանը վերածելով մեռելաքաղաքի: Խորհրդային Միութեան հսկայական ուժը զօրաշարժի ենթարկուեցաւ մաքրութեան զանգուածային արշաւով մը, որուն մասնակցեցան 600 հազար աշխատաւորներ: Վերցուեցաւ հիւլէական կայանին շուրջ, քիլոմեթրներու վրայ տարածուող հողին վերնախաւը (ցարդ պետութիւնը չէ յայտարարած, թէ ուր տարուած է վերցուած հողը, սակայն շատեր կը հաւատան, թէ անիկա թափուած է մօտակայ Տնիեփըր գետին մէջ, ուր հաւանաբար թաղուած է տիղմի տակ): Հարիւր հազարաւոր ծառեր ցանուած են` հողին հետ քիմիական նոր կապ մը ստեղծելու եւ շողավարակ փոշիին տարածումը նուազեցնելու համար:

Սակայն մաքրութեան արշաւը շատ աւելի մահացու հետեւանքներ ունեցաւ, քան` ինքնին պայթումը: Զինուորներ երկու տարուան արձակուրդ ստացան` հիւլէական աղբը մաքրելու երկու ամսուան աշխատանքի մը փոխարէն: Հազարաւոր անձեր քաջութեան շքանշաններ ստացան եւ Խորհրդային Միութեան հերոս հռչակուեցան, սակայն նոյն միջոցին սկսան տառապիլ քաղցկեղէ եւ կոկորդի բորբոքումներէ, որոնք զիրենք հալածեցին մինչեւ իրենց կեանքին վերջը: Կ՛ըսուի, թէ գիւղաւանէն փոխադրուած հազարաւոր բնակիչներ, ինչպէս նաեւ մաքրութեան մասնակցած աշխատաւորներ բարձր համեմատութեամբ շողավարակումէ մահացած են աղէտին յաջորդ տարիներուն: Իսկ Ուքրանիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ռուսիոյ տարածքին շուրջ 2.7 միլիոն հոգի մինչեւ այսօր կը կրեն աղէտին անմիջական հետեւանքները:

Աղէտին յաջորդ շաբաթներուն Մոսկուայի մէջ դիւանակալներ գծեցին 2850 քառ քմ տարածութեամբ արգիլեալ գօտիի մը սահմանները, յայտարարելով, թէ որքան հեռու բնակութիւն հաստատուէր Չեռնոպիլէն, այնքան լաւ էր: Ասիկա մեծ մասամբ ճիշդ էր. հիւլէական ելեւիրականութիւն արտադրող կայանին պայթումին ժամանակ հոն գտնուող գրեթէ բոլոր աշխատողները մեռան քանի մը շաբաթուան ընթացքին, ինչպէս նաեւ` քանի մը վայրկեան ետք աղէտին վայրը ժամանած հրշէջները: Սակայն պահեստի աշխատաւորներ, որոնք հասան աւելի ուշ, մեծ մասամբ վերապրեցան, թէեւ` առողջական շատ ծանր պայմաններով:

Ընդհանուր հաշուով դատարկուեցան երկու գիւղաւաններ եւ շուրջ 91 գիւղեր: Սակայն շողարձակումը կանոնաւոր կամ հաւասար կերպով չի տարածուիր: Ամպ մը կրնայ հաւաքել շողավարակ փոշին, որ ապա կ՛իջնէ անձրեւին հետ: Այս պատճառով մինչեւ այսօր Կալեսի որոշ շրջաններուն մէջ անասնապահներ չեն կրնար վաճառել իրենց ոչխարին միսը, իսկ Գերմանիոյ տարածքին հազարաւոր վարազներ վտանգաւոր համեմատութեամբ շողավարակ հռչակուած են:

Այսօր շուրջ 5 հազար հոգի կ՛աշխատի արգիլեալ գօտիին մէջ, որ տարիներու ընթացքին վերածուած է 4300 քառ քմ տարածքի մը: Պատճառը յստակ է. կարելի չէ պարզապէս մէկ կոճակով անջատել հիւլէական կայան մը: Նոյնիսկ երբ անիկա դադրի գործելէ, կարիքը ունի պահպանումի, ինչպէս նաեւ` հիւլէական թափօնի այն մթերանոցը, որ կը գտնուի անոր կողքին: Աշխատաւորներ զիրար կը փոխարինեն երկու շաբաթը անգամ մը եւ կը ստանան սովորական աշխատավարձին եռապատիկը: Եթէ անոնք հիւանդութեան որեւէ նշան ցոյց տան բժշկական տարեկան քննութիւններու ժամանակ, անմիջապէս կ՛արձակուին գործէ:

Նաեւ շուրջ 300 հոգի կը բնակի արգիլեալ գօտիին տարածքին. անոնք գիւղացիներ են, որոնք աղէտէն ոչ շատ ուշ վերադարձած են իրենց արտերն ու արօտավայրերը, ինչպէս նաեւ շողարձակումի մասնագէտներ` աշխարհի տարբեր կողմերէն, որոնք եկած են ուսումնասիրելու շողավարակ նիւթերուն ազդեցութիւնը բոյսերուն եւ անասուններուն վրայ: Անոնք իրողապէս այս գօտին վերածած են շողարձակումի ուսումնասիրութեան հսկայական գիտաշխատանոցի մը. վայր մը, ուր անասունները կը թափառին անկաշկանդ, կ՛ապրին ճարտարարուեստականացումի ժամանակներուն նախորդած մարդկային ցանցառ բնակչութեամբ միջավայրի մը մէջ եւ յետ կործանումի յառաջացած շողավարակ նիւթերով շրջապատուած: Երեւութապէս բուսականութիւնը կ՛աճի փարթամօրէն. մեծ թափով բազմացած են մեծ մարմիններով ստնաւորները, ներառեալ` գորշ գայլերը, սրճագոյն արջերը, այծեղջիւրները, եղնիկներն ու վայրի վարազները, որոնց թիւը աւելի քան մէկ դարէ ի վեր այսքան չէ բարձրացած: Գիտնականները կը փորձեն պատասխան մը գտնել այն հարցումին, թէ ի՛նչ կը պատահի ներքնապէս. այսինքն` անոնց ոսկորներուն մէջ, անոնց ծինական ժառանգութեան պատասխանատու բջիջներուն մէջ:

ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՀԵՔԻԱԹՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԸ

Երբ մուտք կը գործենք արգիլեալ գօտի, լռութիւնը ցնցիչ է: Անիկա սարսափազդու պիտի ըլլար, եթէ այսքան գեղեցկութիւն չտիրէր: Չեռնոպիլի լքուած յետին թաղամասերը այնքան լեցուած են բուսականութեամբ, որ դժուար է պատկերացնել, թէ գիւղաւան մը կը կազմեն: Անոնք վերածուած են կանաչ փապուղիներու` մեղուներու տզզոցով լեցուն, թռչուններու խմբերգներ կը հնչեն հոն, իսկ արահետները այնքան նեղ են, որ մեր փոխադրակառքը մացառներ հրմշտկելով կ՛անցնի անտառի մը մէջ սրբավայրերու նման թաքնուած բնակարաններու քովէն: Կարմիր թիթեռնիկներ, սիրամարգի նման թիթեռնիկներ, թաւշային թիթեռնիկներ կը թռչկոտեն ամբողջ բուսականութեան վերեւ: Կարծէք ռուսական աւանդական հեքիաթի մը մէկ տեսարան ըլլայ:

Ուքրանիա Չեռնոպիլը պաշտօնապէս զբօսաշրջիկներու դիմաց բաց յայտարարեց 2011-ի յունուարին: Սակայն վերջին քանի մը տարիներուն միայն փոքր խումբեր յաջողած են այցելել հոն: Քիեւի մէջ զբօսաշրջութեան չորս ընկերութիւններ միօրեայ ուղեւորութիւններ կը կազմակերպեն դէպի Չեռնոպիլ: Անհրաժեշտ չէ կրել շողարձակումի համեմատութիւնները չափող գործիք մը կամ հագնիլ շողավարակումի դէմ յատուկ տարազ մը: Պարզապէս պէտք է հետեւիլ ուղեցոյցին, անցնիլ բազմաթիւ անցարգելներէ եւ շողավարակումի քննութիւն մը անցընել` տարածքէն դուրս գալէ ետք: Շրջապտոյտները կ՛ընդգրկեն պասով պտոյտ մը` լքուած Փրիփիաթի փողոցներուն մէջ, այցելութիւն` փոքր զբօսայգի մը, որ լեցուն է Չեռնոպիլի աղէտին մաքրութեան ժամանակ գործածուած խորհրդային բանակի փոխադրակառքերով, ծանօթութիւն` թանձրաձոյլ շաղախէ շինուած յուշակոթողներու, որոնք նուիրուած են պայթումէն ետք իրենց կեանքը կորսնցուցած հրշէջներուն: Այցելուներուն շարժումները խստօրէն սահմանափակուած են այն վայրերուն մէջ, զորս իշխանութիւնները քննած են եւ յայտարարած` շողարձակումէ զերծ ու ապահով:

Սակայն մէկ օրէն աւելի այստեղ մնալը աւելի բարդ է: Չեռնոպիլի կեդրոնը ունի պանդոկ մը, ուր մեզի պէս ոչ պաշտօնական անձեր կրնան գիշերել եւ կերակրուիլ չափէն աւելի սուղ գիներով ուքրանական ապուրի եւ տապկուած մսեղէնի տեսակներով: Մայրամուտէն ետք այլեւս կարելի չէ դուրս գալ: Եթէ մէկը յանդգնի քալել դէպի մօտակայ վաճառատուն մը, ուր տեղաբնակ աշխատաւորներ գարեջուր եւ հաց կը գնեն, անմիջապէս կը ձերբակալուի:

Մեր ամէնօրեայ ուղեւորութիւնները կը կատարենք Սերգէյի առաջնորդութեամբ: Ան կը բնակի Քիեւի մօտակայ գիւղաւանի մը մէջ, սակայն վերջին 10 տարիներուն ամիսը երկու շաբաթ անցուցած է արգիլեալ գօտիին մէջ` առաջնորդելով այցելու գիտնականներն ու հազուադէպ զբօսաշրջիկները: Սերգէյ ամուր կազմուածքով տղամարդ մըն է, որ կը նմանի արծաթափայլ պեխերով եւ խուզուած ճերմակ մազերով տարեց յիսնապետի մը: Մեր ծրագիրն է հետազօտել անտառը, Չեռնոպիլի հին գիւղաւանը, մօտակայ գետերը, դատարկուած Փրիփիաթ քաղաքը եւ քանի մը գիւղեր, ուր տակաւին կը բնակին քանի մը գիւղացիներ: Արգիլեալ գօտին մուտք գործելէ առաջ մեր ստորագրած թուղթերէն մէկը կ՛ըսէր, որ եթէ քայլ մը առնէինք Սերգէյի նշած վայրերէն դուրս, ապա իրաւունք չունէինք իշխանութիւնները պատասխանատու նկատելու առողջական որեւէ հարցի պարագային:

Ցարդ շողարձակումի միակ ակներեւ նշանը թուային (տիճիթըլ) արձանագրութիւն մըն է Չեռնոպիլի մեծ մասամբ լքուած նամակատան շէնքին վրայ: Փոխանակ ժամը եւ ջերմաստիճանը ցոյց տալու, անիկա ցոյց կու տայ շողարձակումի աստիճանները` արգիլեալ գօտիին տարբեր վայրերուն մէջ, եւ որոնք կը տարուբերին` խորքի շողարձակումներու եւ կլիմայական փոփոխութիւններու համեմատ:

Ամէնէն աւելի ապականած գիւղերը հիմնայատակ գետնին հաւասարեցուած են եւ թաղուած` պայթումէն անմիջապէս ետք: Միայն քանի մը հողաթումբեր մնացած են` ցոյց տալու համար, թէ ո՛ւր կը գտնուէին անոնք: Մարգագետինները մեծ մասամբ անհետացած են եւ փոխարինուած` անտառով: Ռուսիա անտառներու երկիր մըն է, սակայն իրական անտառը, նախնադարեան անտառը, զոր մարդկային աչքերը բնաւ չեն տեսած, կը կոչուի փուշչա, որ տառացիօրէն կը նշանակէ «խիտ անտառ»: Այս տեսակի անտառն է, որ ինքզինք կը վերահաստատէ Չեռնոպիլի մէջ եւ կ՛ուռճանայ աննախընթաց թափով:

Չեռնոպիլի ծայրամասին կանգ կ՛առնենք կէս քիլոմեթրէն քիչ մը աւելի լայն Փրիփիաթ գետին ափին: Անհաւատալիօրէն խաղաղ է: Սերգէյին ծանօթ սեւ շուն մը կը հանգչի մեր կողքին` խոտերուն վրայ: Քանի մը երկար նաւակներ խարսխած են գետափին եւ կը յիշեցնեն Օքսֆորտի մէջ մանկութիւնս: Անոնք կնքուած են տեղւոյն «Քա. Կէ. Պէ.»ի սկզբնատառերով եւ հաւանաբար այստեղ են խորհրդային ժամանակներէն ի վեր: Գորտեր կը ցատկեն ջուրին մէջ, նաւավարներ կը թիավարեն, վիշապաճանճեր կը սաւառնին այնպէս, կարծէք բեռ մը վերցուած է աշխարհի ուսերէն: Բազէ մը կը դառնայ օդին մէջ ծուլօրէն, զոյգ մը սագեր կ՛անցնին արագ, փետուրները կախ եւ վիզերը երկարած, ապա թեւերը կը թափահարեն` գտնելով ապաստան մը` ուռենիի մը մէջ, գետափին հեռաւոր ծայրը:

Կ՛անցնինք կղմինտրով ծածկուած երկու տնակներու քովէն. անոնք հրեայ իմաստուններու սրբավայրեր են:

«Ինչո՞ւ կղպուած են», կը հարցնեմ Սերգէյի:

Առանց վարանելու կը պատասխանէ. «Շատեր չեն սիրեր հրեաները» (այլ երեւոյթ մը, որ վերապրած է համատարած կործանումէն):

Կը սողոսկինք սրճագոյն քնաթաթախ գետին քովէն: Կը լսենք միայն ծառերուն միջեւ հովին տարբեր սուլոցները. բարձր` մօտէն եւ խոր ու կայուն` հեռուէն: Երբեմն հովը կը ջոկէ պղպջակ մը գետին մակերեսէն եւ կ՛անհետացնէ զայն: Հաւանաբար կեանքը այսպէս էր 1000 տարի առաջ, երբ երկրագունդին ամբողջ բնակչութիւնը կը հաշուէր 250 միլիոն: Տեղ կայ բոլորին, ժամանակ կայ ամէն ինչի:

Փոխադրակառքը մեզ կը ձգէ մութ արահետի մը վրայ, որ կ՛ոլորուի ծառերուն մէջէն, կ՛անցնի փուլ եկած փայտէ բնակարաններու շղթայի մը քովէն: Ներսը` բնակարաններուն գետինը ծածկուած է հագուստներով, շիշերով, ներքնակներու պարունակած բամպակով ու բուրդով: Ելեկտրական թելերու դուրս թափած խուրձեր թափած են ծառերուն տակ` դիակներու պէս: Կը թուի, թէ այս վայրը ծառերով շրջապատուած գիւղաւան մը չէ, այլ անտառ մըն է, որուն մէջ փուլ կու գայ գիւղաւան մը:

Սերգէյ կը պատմէ անտառին մէջ իրենց ճամբուն վրայ ամէն ինչ քար ու քանդ ընող մինչեւ 50 վարազներէ բաղկացած խումբերու մասին եւ` սոված գայլերու, որոնք ձմրան օր մը շրջապատած էին իր գիտնական մէկ բարեկամը. ստիպուած` կրակած էր իւրաքանչիւրին վրայ, որպէսզի խոյս տային:

Ոչ միայն անտառը վերադարձած է, այլ նաեւ` անոր բոլոր արարածները: Ասիկա Պապա Եակայի երկիրն է. ռուսական հեքիաթներու պառաւին երկիրը: Արդեօք ա՞յս էր աշխարհը մարդկութենէն առաջ, կամ ա՞յս է մարդկութենէն ետք: Եւ ի՞նչ է տարբերութիւնը:

(Շար 1. յապաւուած)

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES