50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 21 ՄԱՐՏ 1961 )

ՈՒԽՏԻ ՕՐԸ  ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

ԽՈՒՌՆԵՐԱՄ ԲԱԶՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ
ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԹԱՓՕՐԻՆ

Երէկ կիրակի, հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ուխտի օրուան եկեղեցական արարողութիւններուն, Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ:

Վանքին բակն ու շրջակայքը լեցուած էին ստուար բազմութիւններով, որոնք ջերմեռանդ հաւատքով հետեւեցան եկեղեցական հանդիսութիւններուն եւ հոգեյոյզ մթնոլորտի մը մէջ լսեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոսին բարձրաշունչ քարոզը:

Պատարագիչն էր Զարեհ Ա. կաթողիկոս, որ հանդիսաւոր օրերու զգեստաւորումով, շրջապատուած եպիսկոպոսներու, վարդապետներու, աբեղաներու, սարկաւագներու եւ քահանայ հայրերու կողմէ, յոգնախառն բազմութեան տուաւ իր պատգամը, սիրոյ եւ միութեան ողջոյնը, որ իր նշանախօսքը եղած է միշտ` Կիլիկիոյ գահին վրայ բազմելէն ի վեր:

Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր թափօր` աջովն Ս. Լուսաւորչի, ինչպէս նաեւ` սրբազան հայրապետներու եւ սուրբերու, որոնք` մեր եկեղեցական աւանդութեան սրբութիւնները, կու գան դարերէն:

Այնուհետեւ, հաւատացեալներ բարձրացան վեհարան, ուր շնորհաւորեցին վեհափառ հայրապետը` օրուան տօնին առթիւ եւ ստացան անոր հայրական օրհնութիւնը:

 

ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ

ՀՄԸՄ ԻՐ ԿԱՄՔԸ ՊԱՐՏԱԴՐԵՑ ՄԱԶՐԱԱՅԻ (2-0)

ԲԱՅՑ ԴԻՏՈՒՄՆԱՒՈՐ ՀԱՐՈՒԱԾԻ ՄԸ ՊԱՏՃԱՌՈՎ,
ԼԵՒՈՆԻՆ ՈՒՍՈՍԿՐԸ ԿՈՏՐՈՒԵՑԱՒ

Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանական մրցումները շարունակուեցան երէկ, Մարզական աւանի դաշտին վրայ, մեծ թիւով մարզասէրներու ներկայութեան, նկատի ունենալով, որ առաջին դիրքի վրայ գտնուող Մազրաան կը մրցէր ՀՄԸՄ-ի դէմ:

Առաջին մրցումը տեղի ունեցաւ ՀՄՄ-ի եւ Սաժեսի միջեւ: Հայկական խումբը առաջին կիսախաղին նշանակեց երեք կէտեր, բայց երկրորդ կիսախաղին չուզեց մեծ ճիգ թափել եւ խաղը վերջացաւ 3-1 արդիւնքով:

Երկրորդ մրցումը տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի եւ Մազրաայի միջեւ: Առաջին իսկ վայրկեանին նկատելի էր, որ Մազրաա ամէն գնով որոշած էր պահել իր առաջնորդողի դիրքը եւ ատոր համար որեւէ միջոցի առջեւ կանգ չառնել: Բարեբախտաբար իրաւարար Աթեֆ Սընսան  շատ արթուն գտնուեցաւ եւ կրցաւ զսպել Մազրաայի տղոց կոշտութիւնները:

Առաջին կիսախաղը վերջացաւ ապարդիւն: Երկրորդ կիսախաղին խաղը աւելի հետաքրքրական դարձաւ եւ երկուստեք յարձակումներ իրարու յաջորդեցին: ՀՄԸՄ հետզհետէ զօրացուց իր ճնշումը եւ Լեւոնի ու Բրինձեանի միջեւ կատարուած փոխանցումներէ ետք, Բրինձեան նշանակեց առաջին կէտը: Մազրաա ցնցուած էր: Խաղը վերջանալու տասը վայրկեան մնացած էր: Հազիւ այս կէտը նշանակուած` Լեւոն անզուսպ հարուածով մը նշանակեց երկրորդ կէտը: Պիտի նշանակէր նաեւ երրորդ մը, երբ դէպի պարապ բերդը թաւալող գնդակին կ՛ուզէր հասնիլ: Մազրաայի յետսապահներէն Աքրամ դիտաւոր կերպով, ետեւէն ոտք կախեց ու գետին փռեց հէգ մարզիկը, որուն ուսոսկրը կոտրուեցաւ: Իրաւարարը, հաստատելով յանցանքին դիտումնաւոր ըլլալը, դաշտէն դուրս հանեց Աքրամը: Մինչ այդ Լեւոն փոխադրուեցաւ Ամերիկեան հիւանդանոց, ուր տոքթ. Նոուլի զայն գործողութեան ենթարկեց` ոսկորները միացնելով: Լեւոնի ուսը ներկայիս փլասթրի մէջ է եւ այդպէս պիտի մնայ ատեն մը, մինչեւ որ բոլորովին ապաքինի եւ իր անփոխարինելի տեղը վերագրաւէ ՀՄԸՄ-էն ներս:

Մինչ այդ ֆետերասիոնին կը մնայ անհրաժեշտ կարգադրութիւնները ընել Աքրամին ու Մազրաայի խումբին նկատմամբ:

Օրուան երրորդ խաղը վերջացաւ Սալամի վրայ Ռասինկի յաղթանակով (4 – 0):

Share this Article
CATEGORIES