ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԱՅՍՕՐ` ՀՄԸՄ – ԹԱՏԱՄՈՆ
Լիբանանի պասքեթպոլի Բ. դասակարգի տղոց ախոյեանութիւնը այսօր կ՛աւարտի ՀՄԸՄ-ի տղոց ներկայացուցչական խումբին համար, երբ ան կատարէ իր վերջին մրցումը` Թատամոնի դէմ:
Նշենք սակայն, որ ՀՄԸՄ Լիբանանի բաժակի մրցաշարքին գծով մրցումներ ունի կատարելիք:
Թատամոնի դէմ այսօրուան մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ, պիտի սկսի ժամը 14:00-ին:
Այս մրցումին յաղթականը Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2010-2011 տարեշրջանը պիտի աւարտէ 7-րդ դիրքին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի տպաւորիչ յաղթանակով աւարտել այս տարեշրջանը` փորձելով յառաջիկայ տարեշրջանին աւելի լաւ դիրքեր գրաւել
CATEGORIES Մարզական