ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ. ԱԽՈՅԵԱՆԻՆ ԵՒ ՓՈԽԱԽՈՅԵԱՆԻՆ ՈՐԱԿԱԶՐԿՈՒՄԸ ՊԱՏՃԱՌ ԴԱՐՁԱՒ, ՈՐ ԱՐՄԷՆ ՂԱԶԱՐԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՆԱՅ ՓՈԽԱԽՈՅԵԱՆ
Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ նախորդ տարի Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան 69 քկ դասակարգի մրցումներուն ախոյեան հանդիսացած Լեաօ Հէյ որակազրկուեցաւ մինչեւ 2014 թուական, իսկ փոխախոյեան հանդիսացած ռումանացի Նինել Միքուլեսքու կախակայուեցաւ ցմահ:
Այս որակազրկումներուն իբրեւ արդիւնք, պրոնզէ մետալին տիրացած թուրք Մեթէ Պինայ հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան, իսկ Հայաստանի հաւաքականի նախկին անդամ Արմէն Ղազարեան, որ այժմ կը ներկայացնէ Ռուսիան, տիրացաւ արծաթ մետալին` հանդիսանալով փոխախոյեան:
CATEGORIES Մարզական

