ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ՍԻՒԶԻ ՔԵՆԹԻՔԵԱՆ ՏԻՏՂՈՍՆԵՐԸ ՊԱՀԵՑ ԻՐ ՄՕՏ
Նախորդ շաբաթավերջին, Ֆրանքֆորթի (Գերմանիա) Պրենտընպըրկ-Հէյլ մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ կռփամարտի երեկոյ մը, որուն ընթացքին թեթեւագոյն կշիռի WBO-ի, WBA-ի եւ WIBF-ի աշխարհի ախոյեան Սիւզի Քենթիքեան ճակատեցաւ թայլանտցի Թերապորն Փաննամիթի դէմ:
Allboxing.ru կայքէջը կը հաղորդէ, որ հայրենի կռփամարտիկը` յաղթելէ ետք 19 տարեկան իր մրցակիցին եւ իրաւարարներուն կողմէ ստանալով 100-90 արդիւնք մը, տիտղոսները պահեց իր մօտ:
Նշենք, որ այս ճակատումը կը բաղկանար 10 ռաունտէ:
CATEGORIES Մարզական


