ՔՖԱՐԺՈԶԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ԴԱՇՏԻ ԲԱՑՈՒՄ

Ներկայութեամբ երեսփոխաններ Ապտել Լաթիֆ Զէյնի եւ Եասին Ժապերի, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտարի եւ այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններու ու հրաւիրեալներու, կիրակի, 23 հոկտեմբերին, Քֆարժոզի քաղաքապետարանի վերանորոգուած դաշտին բացումը կատարուեցաւ:

Նշենք, որ այս դաշտին վրայ ընդհանրապէս մրցում կը կատարէ Ահլի Նապաթիէ: Ձեւով մը անիկա կարելի է սեպել անոր դաշտը:

Այս առիթով խօսք առնելով Հաշեմ Հայտար ըսաւ, որ ներկայիս կը փորձենք վերակենդանացնել լիբանանեան ֆութպոլը եւ ամէն ճիգ ի գործ կը դրուի լիբանանցի համակիրները վերադարձնելու համար դաշտ, այնպէս ինչպէս պատահեցաւ Լիբանան – Քուէյթ մրցումին (2014-ն Մոնտիալի զտում), որուն ներկայ էին 35 հազար հանդիսատեսներ:

Արտասանուած խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ ցուցադրական մրցում մը` Ահլի Նապաթիէի եւ Իրշատի միջեւ: Երկու երեսփոխաններուն ներկայութեան, գնդակը հարուածողը եւ մրցումին ազդանշանը տուողը հանդիսացաւ ֆետերասիոնին նախագահը:

Նշնեք, որ այս առիթով երեսփոխան Ժապեր ներկայ անձնաւորութիւնները պատուեց կէսօրուան ճաշով:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES